«Ապառաժ».-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 10 Յունիսին այցելած է ԱՀ գլխաւոր դատախազութիւն եւ կառոյցի աշխատակիցներուն ներկայացուցած է գլխաւոր դատախազ Մհեր Աղաջանեանը:
Նախագահը իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ պէտք է պայքարը շարունակել, գործունէութեան ընթացքին փտածութեան դէմ մշտապէս պետական շահերու պաշտպանութիւնը առանցքային համարելով:
Արայիկ Յարութիւնեան յաջողութիւն մաղթած է նորընտիր գլխաւոր դատախազին աշխատանքին եւ յոյս յայտնած է, որ դատախազութեան համակարգէն ներս անոր երկարամեայ գործունէութիւնը, փորձն ու գիտելիքները, ինչպէս նաեւ մարդկային որակները մեծապէս պիտի նպաստեն կառոյցին առջեւ ծառացած հարցերու արդիւնաւէտ լուծումով:

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԻ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ