«Երկիր».-Սպանիոյ RTVE առաջին ալիքով կը ցուցադրուի հայկական պատմական «Ուրարտու. Մոռացուած Թագաւորութիւն» շարժանկարին ծանուցումը:
Բեմադրիչ Վահէ Վարդանեանի ֆիլմը կը պատմէ աշխարհի հնագոյն պետութիւններէն մէկուն` Ուրարտուի մասին. Աստուածաշունչին մէջ ան յիշատակուած է որպէս Արարատի երկիր:
Երբ ֆիլմի մեկենասին, HAYASA մշակութային-կրթական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէնին՝ Տիգրան Մանասեանին հարցում ուղղուեցաւ, թէ ֆիլմը ե՞րբ պիտի ցուցադրուի Արցախի, Հայաստանի կամ Ռուսիոյ մէջ, ան պատասխանելով ըսաւ, որ երեւանեան ցուցադրութիւնը նախատեսուած է Երեւանի նուիրուած օրը, թատերասրահներէն մէկուն մէջ: Բայց պսակաձեւ ժահրին պարտադրած իրավիճակին բերումով ծրագիրները կը փոխուին, իսկ ծանուցումը կրնայ տեղի ունենալ երկրէն ներս զանգուածային նախաձեռնութիւններու արգելքի չեղարկումէն ետք:
Ան աւելցուցած է նաեւ, որ ֆիլմը պատրաստողները կ’աշխատին, որ ան ցուցադրուի նաեւ աշխարհի տարբեր հատուածներուն մէջ: Ֆիլմի ցուցադրութեան համար յատկապէս բանակցութիւններ կ’ընթանան ԱՄՆ-ի, Ճափոնի եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ:
Ֆիլմը նկարահանուած է 4 երկիրներու մէջ` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ(Արեւմտեան Հայաստան):