«Արմէնփրէս».-Գիտութիւններու ակադեմիաներու միջազգային հաստատութիւնը 9 Յունիսին կատարած է ժահրաբանութեան գիտական խորհուրդի հիմնադիր առցանց գիտաժողով` Ռուսիոյ, Չինաստանի, Պելառուսի, Հայաստանի, Վրաստանի, Խրխզիստանի, Տաճկիստանի, Ուզպէքիստանի եւ Ուքրանիոյ ժահրաբանութեան, համաճարակաբանութեան, մանրէաբանութեան, իմունաբանութեան ոլորտներու առաջատար մասնագէտներու մասնակցութեամբ:
Հայաստանի խորհուրդը կը ներկայացնէ ՀՀ ԳԱԱ կենսաբանութեան հիմնարկի բջիջային կենսաբանութեան եւ ժահրաբանութեան տարրալուծարանի ղեկավար Զաւէն Կարալեան: Ժահրաբանութեան գիտական խորհուրդի ստեղծման հիմնական նպատակն է մէկտեղել ջանքերը՝ կարեւորագոյն գիտական հարցերուն լուծումներ գտնելու եւ փորձառութիւններ փոխանակելու համար:
COVID-19 համավարակի հարցը ժահրաբանութեան գիտական խորհուրդի գործունէութեան օրակարգային հարցը դարձած է:
Հայաստանի մէջ ստեղծուած է COVID-19-ի գիտական ուսումնասիրութիւններու համակարգման գիտական խորհուրդ, որուն մէջ ընդգրկուած են ՀՀ ԳԱԱ-ի, ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան «Հիւանդութիւններու եւ Կանխարգիլման Ազգային Կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի եւ ՀՀ ԲՈՒՀ-երու մասնագէտներ: