«Երկիր».-Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին թաղամասերու եւ շուկաներու պարետային վերահսկողութիւն սահմանելու օրինագիծի քննարկման ընթացքին, գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական-Ժողովրդական Կուսակցութեան անդամ Օզկիւր Օզելի եւ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան պատգամաւոր Օլջայ Քըլաւուզի միջեւ ծեծուըռտուք տեղի ունեցած է:

Ընդդիմադիր գործիչը իր դժգոհութիւնը յայտնած է իրեն խօսքի իրաւունք չտրուելուն համար, որուն արձագանգած է Ազգային Շարժման Կուսակցութեան մէկ այլ անդամ` Լեւենդ Պիւլպիւլը: Անոր ի պատասխան ընդդիմադիր կուսակցութեան անդամները սկսած են հարուածել աթոռներուն, որմէ ետք Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի փոխնախագահ Նիմեթուլլահ Էրտողմուշ ընդմիջում յայտարարած է:

Երկու կուսակցութիւններու պատգամաւորներուն միջեւ բախում տեղի ունեցած է, որուն ընթացքին անոնք իրենց հակառակորդներուն քանի մը հարուած հասցուցած են: