Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան հրահանգած է Իսթանպուլի մէջ գտնուող բիւզանդական նշանաւոր Սուրբ Սոֆիա (Այա Սոֆիա) տաճարը վերածել մզկիթի՝ զրկելով զայն թանգարանի կարգավիճակէն: Երբեմնի քրիստոնէական հռչակաւոր տաճարը Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումով՝ 1934-ին թանգարանի կարգավիճակ ստացած էր: Սուրբ Սոֆիայի տաճարը ներառուած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի (UNESCO) համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:
Քրիստոնէական տաճարը պահպանելու համար ԻւՆԵՍՔՕ-ին ուղղուած ստորագրահաւաք կազմակերպուած է. «Ըսէք ԻՒՆԵՍՔՕ-ին` թող պահպանէ Սուրբ Սոֆիան» խորագիրով:
Ստորագրահաւաքի յատուկ նամակին մէջ կ’ըսուի, որ ստորագրեալները կը միանան քրիստոնեաներու պաշտպանութիւն կազմակերպութեան (IDC), Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին (ANCA) եւ Հելլենիկ- ամերիկեան առաջնորդութեան խորհրդին (HALC)՝ խնդրելով պատասխանել Թուր-քիոյ շարունակական սպառնալիքներուն, որոնք  կը խաթարեն Սուրբ Սոֆիայի կարգավիճակը, ԻւՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան վայրը՝ թանգարանը, մզկիթի վերածելով:
Նամակին մէջ կը յիշուի նաեւ, որ Թուրքիոյ կողմէ Սուրբ Սոֆիայի շարունակաբար թիրախ դառնալը անընդունելի է:
«Մենք համաձայն ենք Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան այն դիտարկումին, որ՝ «այս գործողութիւնը վիրաւորանք է միջազգային հանրութեան նկատմամբ եւ անգամ մը եւս կը բացայայտէ այլամերժ քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ, որ պարտաւոր է յարգել ինչպէս համաշխարհային մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պահպանումին առնչուող համաձայնագիրը, այնպէս ալ ԻՒՆԵՍՔՕ-ն, որուն անդամ է:
Ո՛չ լռութիւնը, ոչ ալ լուռ դիւանագիտութիւնը կրնան զսպել Թուրքիոյ անընդունելի վարքագիծը: Այս պահուն ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ցայտուն արձագանգին բացակայութիւնը համահունչ է Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ, ի վերջոյ, քրիստոնէական փոքրամասնութիւնները արմատախիլ ընելու փորձերուն», կ’ըսուի նամակին մէջ:
Աւելցնենք, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի նիստին քննարկուած է Սուրբ Սոֆիայի մէջ նամազ (ամէնօրեայ հնգապատիկ աղօթք) կատարելու հարցը:
«Այա Սոֆիայի մէջ նամազ կը կատարուի, այդ մէկը մեր ժողովուրդին իրաւունքն է», յայտարարած է Էրտողան: Ըստ Թուրքիոյ նախագահին, Այա Սոֆիան, որպէս մզկիթ, իր դռները կը բանայ նաեւ զբօսաշրջիկներուն դիմաց, այնպէս, ինչպէս Իսթանպուլի Սուլթան Ահմէտ մզկիթը: