Ցոյցեր, Արաբական Գարուն, փոփոխութիւն… ահա՛ թէ ինչ դիմակներով պատերազմը մուտք գործեց Սուրիա: Կարճ ժամանակի մէջ բացայայտուեցաւ, սակայն, որ արտաքին ուժեր այս դիմակներուն ընդմէջէն եկան Սուրիան քայքայելու եւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ անկայունութիւն ստեղծելու: Սուրիացիները իրենք զիրենք դէմ յանդիման գտան այն լծակներուն հետ, որոնք կը փորձէին այս ծրագիրը իրականացնել, ամէնէն վայրագ միջոցներով մահացու հարուածներ ուղղելով երկրին պետականութեան:
Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած այս բիրտ քաղաքականութիւնը քօղարկուած էր լրատուական արշաւով մը, որ բարձրացուցած էր իբրեւ թէ մարդասիրական սկզբունքներ, զանոնք վերագրելով սուրիական քաղաքացիական հասարակութեան պահանջքներուն ու կարծեցեալ տառապանքին: Այս ընթացքը, որ կը ղեկավարուէր ամերիկեան վարչակարգին կողմէ, որոշ չափով յաջողեցաւ երկփեղկում մը ստեղծել Սուրիոյ հասարակութեան մէջ, սակայն գետնի վրայ, անոր իրագործումը չընթացաւ ծրագրուածին պէս, այլ անընդհատ բախեցաւ սուրիացիներու գիտակցութեան ու կամքին հետ:
Միջազգային ընտանիքին վրայ աղէտալի արդիւնքներ ունեցող այս տագնապը շուտով միջազգային մեծ ուժերը ստիպեց վերատեսութեան ենթարկել իրենց հաշուարկները, սակայն անոնք դիւրաւ պիտի չլքէին իրենց ծրագիրները, հետեւաբար տեղի ունեցաւ դերերու փոխանակում, պահպանելով ամերիկեան վարչակարգին առաջնորդող դիրքը: Այս դրուածքին պատճառով ամէնէն մեծ վնասները կրեց Եւրոպան, որ եղաւ գաղթականներու աննախադէպ հոսքին թիրախը, ինչ որ իր վրայ պարտք դրաւ մարդկային այս ծանր տագնապը չարաշահելու իբր լրատուական խաղաքարտ՝ յաւելեալ ճնշումներ բանեցնելու Սուրիոյ կառավարութեան վրայ:
Սուրիական թնճուկը մղիչ ուժ եղաւ ամերիկեան վարչակարգին Միջին Արեւելքի հանդէպ իր ռազմավարական մօտեցումը փոխելու, նկատի առած որ Միջին Արեւելքը զինուորական ուժով ծայրայեղականներուն  յանձնելը փաստուեցաւ, որ ձախող ռազմավարութիւն էր եւ անոր վրայ պնդելը չնախատեսուած ահաւոր արդիւնքներ պիտի ունենար Ամերիկայի տարածաշրջանիս մէջ գտնուող ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող գործընկերներուն, ինչու չէ նաեւ՝ միջազգային գործընկերներուն վրայ: Այս փոփոխութիւնը նկատելի էր Օպամայի նախագահական երկրորդ շրջանին, որուն ընթացքին, արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի ղեկավարութեամբ, Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր խմբաւորումները բախումներու ճակատներէն հանելով մղեցին դէպի բանակցութեան սեղաններ: Զուգահեռաբար երեւցան Իրան-ԱՄՆ մերձեցման նշաններ: Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակակիր Օպամա կը փութար ստեղծել միջինարեւելեան նոր հաւասարակշռութիւն մը, որ իբրեւ թէ պիտի նպաստէր տարածաշրջանի խաղաղութեան ու բարգաւաճման: Անոր մեծագոյն ձեռքբերումը եղաւ Իրանի հետ միջուկային համաձայնութիւնը:
Օպամային վերջին կեցուածքները որոշ դրական ազդեցութիւն ունեցան Սուրիոյ տագնապին առումով: Հակառակ անոր, որ ահաբեկչական խմբաւորումները խտացուցած էին իրենց գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ եւ առ երեւոյթ տագնապը ի շահ իրենց կþընթանար, իրականութեան մէջ անոնք լքուած էին Ամերիկայի կողմէն եւ իրենց վերջին յուսահատ փորձերը կþընէին սուրիական բանակին յառաջխաղացին դիմաց:
Թրամփ սկսաւ իր նախագահական շրջանը ինքզինք գտնելով նոր կացութեան մը առջեւ: Սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները արդէն աւարտած էին ամբողջ Սուրիոյ տարածքը ընդգրկող զինուորական գործողութեան նախապատրաստական աշխատանքները եւ սուրիական հիմնական քաղաքները ազատագրութեան սեմին էին արդէն: Սուրիական բանակի արագընթաց գործողութիւնները եւ արձանագրած իրարայաջորդ յաղթանակները կացութիւնը առաւել բարդացուցին, արդէն խարխափող ամերիկեան քաղաքականութիւնը մատնելով նեղ կացութեան: Ծածկելու համար Ամերիկայի եւ իր դաշնակիցներուն կրած զինուորական պարտութիւնները Սուրիոյ մէջ, Թրամփ դիմեց իր ընտրական պայքարի ծայրայեղ աջակողմեան լոզունքներուն, բարձրացնելով «Մեր տղաքը տուն վերադարձնենք» նշանաբանը դուրս գալու Սուրիոյ պատերազմի խրամատներէն: Այս մէկը իրագործելու համար ան սուրիական տագնապի թղթածրարը ամբողջովին յանձնեց Թուրքիոյ նպաստելով անոր նորօսմանական ախորժակներուն: Սակայն ոչ մէկ բան կրնար պէտք եղած ձեւով քօղարկել Ամերիկայի պարտութիւններն ու խարխափումները, հետեւաբար Թրամփ դիմեց առաւել ծայրայեղ միջոցներու եւ ծայր առաւ տնտեսական պատերազմը:
Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի Թրամփ պատրաստ է ամէն միջոցի դիմելու փրկելու համար թաւալգլոր անկում ապրող իր ժողովրդականութիւը Ամերիկայէն ներս, յատկապէս որ կը գտնուի ընտրապայքարի մէջ: «Կայսեր օրէնք» տնտեսական անմարդկային պատժամիջոցները կու գան զինք ընտրողներուն ներկայացուելու իբր յաղթանակ Սուրիոյ մէջ: Տնտեսական պատժամիջոցներուն եկաւ միանալու մեզի արդէն ծանօթ լրատուական արշաւը, որուն հիմնական թիրախը այս անգամ սուրիական լիրայի փոխարժէքն էր ԱՄՆ տոլարին դիմաց, ինչ որ գործնականօրէն փաստեց, որ այս ալ նոյն պատերազմին մէկ այլ երեսն է:
Մենք, իբրեւ սուրիահայեր, արդարացիօրէն կը հպարտանանք Ցեղասպանութենէն փրկուած մեր գաղթական նախնիներուն ներդրումով Սուրիոյ տնտեսութեան ու ճարտարագիտութեան զարգացման մէջ, առաւել եւս կը հպարտանանք պատերազմի շրջանին մեր նահատակներու սխրագործումներով, այդ բոլորը այսօր մեզ կը դնեն աւելի պատասխանատու դիրքի առջեւ Սուրիական Հայրենիքին ու համայն հայութեան դիմաց: Իր կեանքին սպառնացող ռումբերուն առջեւ չընկրկած սուրիահայը պիտի չընկրկի տնտեսական այս ծանր հարուածին դիմաց եւ պիտի շարունակէ պահպանել համահայկական ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այս գաղութը:
Պատերազմի դաշտին վրայ փաստուեցաւ, որ սուրիահայութիւնը ունի նուիրեալ երիտասարդութիւն եւ յանձնառու ղեկավարութիւն, իսկ հիմա՝ տնտեսական պատերազմին ընդառաջ ունինք արհեստավարժ բազուկներ, ստեղծագործ միտքեր եւ նորարար ղեկավարութիւն: Ներքին այս կարողականութեան կու գան աւելնալու երկու հիմնական ազդակներ: Առաջինը՝ սուրիական կառավարութեան տածած վստահութիւնն է հայ համայնքին հանդէպ եւ պատրաստակամութիւնը՝ նոյնիսկ այս դժուարին պայմաններուն մէջ նիւթական միջոցներով սատար կանգնելու սուրիահայ երիտասարդութեան եւ գաղութի վերականգման ու բարգաւաճման: Երկրորդը՝ մեր վստահութիւնն է Սփիւռքի եւ հարենիքին վրայ, որոնք ամէնէն դժնդակ պայմաններուն մէջ իսկ չլքեցին մեզ եւ վստահ ենք, որ գալիք փուլին ալ նոյն թափով իրենց ներդրումը պիտի ունենան սուրիահայ գաղութի պահպանման:
Սուրիական տագնապի սկիզբէն ետք, նախագահ Պաշշար ալ Ասատ, իր առաջին ճառին մէջ շեշտեց . «Թիրախը քաղաքացիին հանապազօրեայ հացն է»: Այսպէս՝ տագնապի առաջին իսկ օրէն սուրիական կառավարութիւնը քօղազերծած էր խափուսիկ այս պատերազմի իսկական նպատակը: Պատերազմի սկզբունքներուն համաձայն, գիտնալ թշնամիին իսկական նպատակը եւ արգելք  հանդիսանալ անոր իրագործման՝ իսկական յաղթանակ կը համարուի:
Յովիկ Ղազարեան