Ոստիկաններու բռնամիջոցին զոհ գացած Ճորճ Ֆլոյտի անունը վերածուեցաւ խորհրդանիշի: Թէեւ անոր կեանքի անախորժ պատահարներուն տոպրակը պեղողներ եղան, յիշեցնելով, որ ան նաեւ բանտ նստած մարդ էր, սակայն սպանութեան պայմանները աչքի առջեւ ունենալով, ան վերածուեցաւ հերոսի, անոր մահուան դէպքին մէջ խտացան ոստիկանական նմանօրինակ բրտութիւններու զոհ գացողներու անուններն ու պատմութիւնները, եւ պայթեցուցին ցեղային խտրականութեան դէմ բողոքի «կորիզային ռումբ» մը, որուն շողավարակ ազդեցութիւնը տարածուեցաւ աշխարհով մէկ:
Դէպքին ամենայետին մանրամասնութիւնները, զինք սպանող ոստիկաններուն ճակատագիրը եւ նման արարքներ զսպելու համատարած պահանջը ծանօթ է, ծանօթ են նաեւ դէպքին ստեղծած կողոպուտներու եւ անարդարանալի արարքներուն պատկերները, որոնք անընդունելի էին, բնականաբար՝ նոյնինքն ցուցարարներուն կողմէ: Ֆլոյտի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 9 Յունիսին: Նախընթաց աւելի քան 10 օրերուն, արդարութեան, ցեղային խտրականութեան ջնջումի եւ մարդկայնութեան վերականգնումի պահանջներով, պետական ու քաղաքական դէմքեր, մարզիկներ ու այլազան ասպարէզներու ծառայողներ գտան արտայայտուելու բազմաթիւ ձեւեր:
Պատահեցաւ նաեւ անխուսափելին: Հարցը վերածուեցաւ… ընտրապայքարի եւ քաղաքական շահարկումի նիւթի: Ամերիկեան քաղաքական բեմն իսկ այս իմաստով արտասովոր ցնցումներ ապրեցաւ, նախագահ Թրամփի կուսակիցներ հրապարակ եկան զայն ուղղակի ու անուղղակի կերպով քննադատողի յայտարարութիւններով: Դեմոկրատներուն ամէնէն աչքառու քայլը եղաւ, յուղարկաւորութեան նախօրեակին, խորհրդարան ներկայացնել օրինագիծ մը, որ ըստ ամենայնի կը նպատակադրէ սանձել օրէնքը ոտնակոխող ոստիկաններու խժդժութիւնները:

Օրինագիծին մանրամասնութիւնները կարեւոր են, սակայն երկրորդական, որովհետեւ փաստօրէն, օրէնքներ բարեփոխելը բարի նպատակով կþըլլայ, սակայն ո՞վ պիտի բարեփոխէ մտայնութիւննե՛րը, որովհետեւ Ապրահամ Լինքըլնէն ասդին՝ օրէնքի բարեփոխումներով, հսկայական գրադարաններ լեցուած են, օրէնքը յաճախ մնացած է դարակին մէջ, գործնական աշխարհը շարունակած է քալել հին մտայնութեան ճամբով: Այս հարցումին արդար պատասխան մը գտնե՛լն է իսկական մարտահրաւէրը, սխրա՛նքը:  Այլ խօսքով, վաղը, երբ այս «հեղեղը» մարի, մարդկութիւնն ու մասնաւորաբար ամերիկացիք պիտի ունենա՞ն նոր Ֆլոյտներ…

Ս. Մահսէրէճեան