Լիբանանեան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները կը դատապարտեն լիբանանահայութիւնը դաւաճան նկատող կազմակերպուած արշաւները, որոնք կը գործադրուին արտաքին կառոյցներու զօրակցութիւնը վայելող ելեկտրոնային բանակներու կողմէ։
Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները կը դատապարտեն համայնքային, յարանուանական թէ ցեղային ամէն տեսակի գրգռութիւն, որ մարդկային ու բարոյական հիմքերէն հեռու է։
Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները նկատել կու տան, որ այս ուղեգիծով շարունակելը կը վտանգէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ կը սպառնայ համայնքներուն ու կրօններուն միջեւ խաղաղ համակեցութեան։

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն