Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը մեկնաբանութիւն տարածած է Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող ճամբուն կառուցման մասին Ատրպէյճանի ԱԳՆ եւ Եւրախորհրդարանի երեք պատգամաւորներու միաժամանակ հնչած յայտարարութիւններուն մասին:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է.
«Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեանը կապող ճանապարհի կառուցման վերաբերեալ Ատրպէյճանի ԱԳՆ եւ Եւրոխորհրդարանի երեք պատգամաւորների համաժամանակեայ յայտարարութիւնների կապակցութեամբ անհրաժեշտ ենք համարում նշել հետեւեալը`
Նախ եւ առաջ` կարեւոր է ընդգծել, որ նոր ճանապարհների կառուցումը եւ Արցախի Հանրապետութիւնում այլ հաղորդակցութեան նախագծերի իրականացումը, որոնք անհրաժեշտ են նրա անվտանգ զարգացումն ապահովելու եւ քաղաքացիների ազատ տեղաշարժի հնարաւորութիւններն աւելացնելու համար, Արցախի իշխանութիւնների ինքնիշխան իրաւունքն ու պարտականութիւնն են: Արցախի Հանրապետութեան որեւէ նախագիծ հարեւան Ատրպէյճանի հետ համաձայնեցնելու կոչերը զուրկ են ցանկացած իրաւական հիմքից եւ տրամաբանութիւնից:
Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ արտաքին աշխարհին կապող հաղորդակցութեան նախագծերի իրականացումը յատկապէս արդիական է Արցախը մեկուսացնելու Պաքուի շարունակական փորձերի ֆօնին` շահարկելով միջազգային իրաւունքի առանձին սկզբունքներ: Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նոյնիսկ չեն թաքցնում, որ շրջափակումը, ներառեալ` օդային շրջափակումը, դիտարկում են որպէս Արցախի եւ նրա բնակիչների ֆիզիքական ոչնչացմանն ուղղուած իրենց ընդհանուր ռազմավարութեան բաղկացուցիչ մաս: Ատրպէյճանի անմարդկային քաղաքականութեան ցուցիչներից են քաղաքացիական ինքնաթիռներ խոցելու Ատրպէյճանի իշխանութիւնների սպառնալիքները:
Յատկանշական է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները բացայայտօրէն ի ցոյց են դնում միջազգային իրաւունքի նկատմամբ իրենց քամահրական վերաբերմունքը: Միջազգային իրաւունքի նկատմամբ Ատրպէյճանի վերաբերմունքի բուն էութիւնը Ատրպէյճանի նախագահի հետեւեալ արտայայտութիւնն է` «Այսօր միջազգային իրաւունքն աշխարհում չի գործում, միջազգային պայմանագրերը պարզապէս թղթի կտոր են, ոչ մի արժէք չունեն»:
Երկրորդ` Եւրոխորհրդարանի առանձին պատգամաւորներու յայտարարութիւնը իրենց անձնական կարծիքն է, որ չի համապատասխաներ Եւրոպական խորհրդարանի կողմէն նախապէս ընդունուած փաստաթուղթերուն, նաեւ` Արցախի շրջափակման անթոյլատրելիութեան մասին բանաձեւերուն: Այն փաստը, որ յայտարարութեան հեղինակներէն ոմանք արժանացած են Ատրպէյճանի պետական պարգեւներուն, մեծապէս կը բացատրէ, թէ ինչու անոնց դիրքորոշումը լիովին կը համընկնի պաշտօնական Պաքուի դիրքորոշման հետ: Եւրոխորհրդարանականներուն յայտարարութեան կողմնակալ եւ ոչ առարկայական բնոյթը այնքան ակնյայտ է, որ չի կրնար որեւէ օգտակար ուղերձ պարունակել եւ դրական դեր խաղալ «Փոխվստահութեան, խաղաղութեան եւ հաշտեցման նպաստող պայմաններու ստեղծման» գործին, որուն մասին նշուած խորհրդարանականները իբրեւ թէ կ’անհանգստացնեն:
Առաւել ցինիկ է յայտարարութեան հեղինակներուն փորձը` իրենց կողմնակալութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ խաղաղ գործընթացին հանդէպ քօղարկած հոգատարութեամբ: Օգտագործելով քաղաքական շարժառիթներով պայմանաւորուած ձեւակերպումներ, որոնք կը հակասեն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու եզրաբանութեան եւ մոլորութեան մէջ կը ձգեն միջազգային հանրութեան ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան էութեան մասին, եւրախորհրդարանականներուն այս եռեակը իրականութեան մէջ կը վնասէ խաղաղ գործընթացին:
Համոզուած ենք, որ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան արդարացի կարգաւորումը կարելի է միայն մարդակեդրոն մօտեցման հիման վրայ:Ժողովուրդ մը մեկուսացնելու փորձերը, անոր ֆիզիքական ոչնչացման սպառնալիքները, մարդոց անհատական եւ բազմազան իրաւունքներու իրացման խոչընդոտելը անցեալի մնացուկներ են եւ չեն կրնար տեղ ունենալ ժամանակակից աշխարհին մէջ: