Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ այսօր Լիբանանէն սուրիացի աշակերտներու երկրորդ խումբը՝ 74 աշակերտ-աշակերտուհիներէ բաղկացած, Դամասկոս հասաւ, որպէսզի մասնակցի 21 Յունիս 2020-ին տեղի ունենալիք պաքալորիայի պետական քննութիւններուն:
Դամասկոսի արուարձաններու կրթական տնօրէն Մահեր Ֆարաճ պարզեց, որ խումբը ժամանումէն ետք պսակաձեւ ժահրի ամբողջական քննութեան ենթարկուած է եւ որոշ շրջան մը բժիշկներու հսկողութեան տակ պիտի մնայ:
Յիշենք, որ նախարարութիւնը ընթացիկ ամսուն 10-ին յայտարարած էր, որ սուրիացի աշակերտներու առաջին խումբը՝ 33 աշակերտ-աշակերտուհիներէ բաղկացած, ժամանած է Սուրիա: