Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ռասուլ Մաարա աւանին մէջ յայտնուած են պսակաձեւ ժահրով վարակուած 6 նոր պարագաներ, որոնք նախապէս վարակուածներու հետ շփում ունեցած մարդիկ են։ Բուժուած են 3 վարակուածներ։ Այսպիսով՝ վարակուածներուն թիւը հասած է 170-ի, բուժուածներունը՝ 71-ի, իսկ մահացածներունը՝ 6-ի:
Յիշենք, որ Ռասուլ Մաարա աւանը 16 վարակուած պարագաներու հաստատումէն ետք մեկուսացման ենթարկուեցաւ: Վարակուածները բոլորն ալ Սուրիա-Յորդանան մայր ճամբուն վրայ աշխատող վարորդի մը հետ շփում ունեցած էին։