Համայի հրշէջներու խումբը կը շարունակէ իր փորձերը՝ շիջանելու Լաթամնա աւանի գիւղատնտեսական արտերուն տարածքին բռնկած հսկայ հրդեհը, որ հրոյ ճարակ կը դարձնէ ցորենի եւ գարիի մշակուած արտերու հարիւրաւոր հեկտարներ:

Խումբի պատասխանատուին համաձայն, սաստիկ հովն ու ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ նշեալ արտերուն շրջակայ տարածքներուն մէջ ցանուած ականները թոյլ չեն տար, որ աշխատանքը ճշդուած ժամկէտին աւարտի: