«Ալ Ալամ» լրատու կայանը կը հաղորդէ, որ Կիրակի, 14 Յունիս 2020-ին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմետ Ճաուատ Զարիֆ ուղղուած է Անգարա, թուրք քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ երկխօսութիւններ կատարելու քաղաքական վերջին զարգացումներուն շուրջ։
Զարիֆ իր թուրք գործընկերոջ հետ պիտի քննարկէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները եւ միջազգային բեմին վրայ արձանագրուած զարգացումները։
Այցելութեան աւարտին Զարիֆ պիտի ուղղուի Մոսկուա, քննարկումները շարունակելու համար իր ռուս գործընկերոջ հետ։
Թուրքիա նախապէս յայտարարծ էր, որ Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա եռեակ խորհրդժողով պիտի գումարուի, առցանց տեսակապի միջոցաւ, քննարկումներ կատարելու Սուրիոյ հիմնախնդիրին շուրջ։
Նախատեսուած էր այս եռեակ խորհրդաժողովը գումարել տարւոյ Մարտ ամսուն, Իրանի մէջ, սակայն չիրականացաւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակի միջազգային տարածումին պատճառով։