Կիրակի, 13 Յունիս 2020-ի առաւօտուն Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ ազգային մարմիններու, միութիւններու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հայկական թաղերու պաշտպանութեան ղեկավար ընկեր Ռաֆֆի Պչաքճեանի եւ սուրիահայ նահատակներուն յիշատակին։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նահատակութեան վսեմ գաղափարին, աւելցնելով որ հայրենիքին պաշտպանութեան համար զոհուող նահատակներուն յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ։ Ան դիտել տուաւ, որ սուրիահայերը պատերազմի տարիներուն պաշտպանեցին իրենց հայրենիքը, որպէս հաւատարիմ եւ նուիրեալ քաղաքացիներ։ Ռաֆֆի Պչաքճեան իր նահատակութեամբ դրսեւորեց անձնազոհութեան գաղափարը յանուն հայրենիքին եւ ընկերներուն։ Խունկ ու մոմ սուրիահայ նահատակներուն անմեռ յիշատակին։