«Ալ Ալամ» լրատու կայքէջը, սուրիական կառավարութեան պաշտօնական էջէն յղում կատարելով կը յայտնէ, որ Շաբաթ, 13 Յունիս 2020-ի իր նիստին ընթացքին սուրիական կառավարութեան կազմած տնտեսական յանձնախումբը քննարկած է Սուրիոյ կեդրոնական դրամատան միջոցաւ առնուելիք նոր քայլերը, կայունացնելու համար սուրիական լիրային փոխարժէքը, զայն վերադարձնելու չարդարացուած վերիվայրումներուն նախորդող արժէքին։
Տնտեսական յանձնախումբը իր աջակցութիւնը յայտնած է կեդրոնական դրամատան ծրագիրին, որուն մեկնակէտն է սուրիական լիրային փոխարժէքը բարձրացնելու նպատակով ճնշում բանեցնել ներքին շուկային վրայ եւ խիստ հսկողութեան տակ պահել լումայափոխ ընկերութիւնները։
Յանձնախումբը որոշում գոյացուցած է քաղաքացիներուն ընձեռելու նահանգներուն միջեւ դրամական փոխանցումներու առիթը՝ պետական դրամատուներուն միջոցաւ։
Կեղրոնական դրամատան պատասխանատուները շեշտած են, որ աշխատանք կը տարուի դիւրացնելու դրամական փոխանցումները եւ դրամի փոխադրութիւնը դրամատուներուն եւ փոխանցում կատարող արտօնեալ ընկերութիւններու միջոցաւ։