Երեքշաբթի, 16 Յունիս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 4 պարագաներ բուժուեցան։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կ՚ըլլայ 177, մահացածներունը՝ 6, իսկ բուժուածներունը՝ 78։