«Ազդակ».-Հայկական երեսփոխանական պլոքը, նախագահութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ընկերակցութեամբ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, 16 Յունիս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Իրաւաբաններու սենտիքային մէջ հանդիպում մը ունեցան Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆի հետ:

Հայկական երեսփոխանական պլոքին ընկերակցեցան նաեւ խումբ մը փաստաբաններ:

Հանդիպումէն ետք պատուիրակութիւնը հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ մը:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան 15 Յունիսին ներկայացաւ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթին եւ զայն պաշտօնապէս իրազեկ դարձուց ինքզինք Մերտինցիներու Արաբական-լիբանանեան Միութեան նախագահը յորջորջող Մունիր Հասանի մասին` հայութեան դէմ անոր արձակած վարկաբեկիչ արտայայտութիւններուն եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը գովաբանելուն համար: