Օրերս Նիկոլ Փաշինեան` իր հանգամանքին անյարիր, կրկին փորձեց ցեխարձակել 130-ամեայ կուսակցութեան հասցէին, առանց դոյզն իսկ գիտակցելու ՀՅԴ արժեհամակարգային նշանակութիւնը մեր պատմութեան աւելի քան մէկդարեայ ճակատագրական հոլովոյթին մէջ:

Ինչեւիցէ, այս հարցին շուրջ «Ալիք» փորձեց ճշդել ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեանի տեսակէտը, որ թերթին հետ զրոյցին ընթացքին խօսեցաւ կատարուածին մասին եւ աւելցուց.

«Նման միտք կրնայ արտայայտել միայն անգրագէտ մարդը կամ ամբոխավարը:

Եթէ վերջապէս իրենք` իշխանութիւնները, հասկցած են, որ իրավիճակը հասցուցած են տագնապալի կէտի եւ պէտք է ազգային միասնութիւն, ինչո՞ւ այդ ուղղութեամբ քայլեր չեն առներ: Չէ՞ որ արդէն երկու տարի է վարչապետը հետեւողականօրէն կ՛ընթանայ պառակտման ուղղութեամբ եւ այսօր ալ կը շարունակում է այդ մէկը:

Օրինակ, ան կրնար հաւաքել քաղաքական բոլոր ուժերը, հրաւիրել անհատ գործիչները խորհրդակցական հանդիպումներու եւ ձեւակերպել միասնական ծրագիրներ: Բայց ան ինքնասիրահարուածի պէս միայն իր ձայնը կը լսէ, իսկ միւսները պիտի հիացմունքով ծափահարեն կամ լռեն:

Աւելի՛ն, կը յայտնեն, թէ  արտակարգ վիճակ է, տագնապ է եւ պէտք է լռել, իսկ քննադատելը դաւաճանութիւն է:

Այս ծայր աստիճանի գռեհիկ ու յետադիմական մօտեցում է: Ասիկա բոլոր բռնապետներու տրամաբանութեան կարմիր գիծն է` լռեցէ՛ք, ապա թէ ոչ` դաւաճա՛ն էք:

Եթէ դուն կը քննադատես եւ  բողոքի արտայայտութիւնդ կ՛ընթանայ օրէնքի սահմաններուն մէջ, Ատիկա ոչ միայն դաւաճանութիւն չէ, այլ պարտականութիւն է: Ընդհակառակը` չքննադատելը դաւաճանութիւն է, որովհետեւ լուռ մնալով դուն կը խրախուսես բռնապետութիւնը:

Իսկ եթէ երկրիդ ղեկավարը  ինքն է տագնապին աղբիւրը, կամ զայն խորացնողը, ինչ պիտի ընես` լռե՞ս: Այդ լռելն ու համակերպուիլը բացարձակ անընդունելի են:

Զանոնք միայն կարելի է վերագրել վարչապետին ինքնասիրահարուածութեան կամ անտեղեկատութեան:

Եթէ վարչապետը ՀՅԴ-ի հետ կապուած մեր ժամանակակից պատմութենէն անտեղեակ է կամ անկէ դասեր չի քաղած` ուրեմն, ցաւօք, ոչ մէկ այլ պատճառ չկայ բացի վերոնշեալ գնահատականներէն:

Յանուն հայ ժողովուրդին ազատագրութեան առաւել քան մէկ դար ՀՅԴ-ն պարտաւորուած էր պայքարի դուրս գալ երեք կայսրութիւններու դէմ` միաժամանակ:

Օսմանեան, ցարական եւ Պարսկաստանի Ղաջար թագաւորութեան, ապա սովետական ժամանակաշրջանի արհաւիրքները յաղթահարելու տանջալի ճանապարհին արիւն թափած, բանտ նստած, չարչարանք կրած, բայց չէ ընկրկած եւ իր բոլոր կարելիութիւնները ազգին ու հայրենիքին  նուիրած է ու կը նուիրէ: Մոխիրներուն միջէն Հանրապետութիւն կերտած է, Սփիւռք  կազմակերպած է եւ այսօր ալ համայն հայութեան ամենահզօր կազմակերպութիւնն է:

Չես գիտեր, թէ ինչպիսի՛ անհիմն ինքնավստահութեամբ  վարչապետը ինքզինք թոյլ կու տայ նման անպատասխանատու արտայայտութիւն ունենալ եւ կը փորձէ -կամ կ՛երազէ- ՀՅԴ-ին վերջը կանխատեսել»,- եզրակացուց Վ. Բաղումեան:

 

Ա. Է.
«Ալիք»