Պատահական օր մը հանգիստի մէկ ժամուս դիմատետրի էջս արագ աչքէ կ’անցընեմ. երբեմն կրկնուող լուրեր, լուսանկարներ, տարեդարձի յիշեցումներ, որոնք քեզ կը կամրջեն աշխարհի միւս մէկ ծայրը գտնուող հին բարեկամի մը հետ, որուն ներկայութիւնը անգամ մոռցած էիր…ո՞վ էր:
Յանկարծ թաւալող էջերուն մէջ կը նշմարեմ «Հայկական Ծագումնաբանութեան» էջին վրայ զետեղուած տեղեկութիւն մը, որ կը վերաբերէր 1915-էն ետք Եգիպտոս գաղթած հայերու: Հետաքրքրական տեղեկութիւններով հարուստ այս խմբակը կը փորձէ Ամերիկա գաղթած հայեր ի մի բերել օգնելով անդամներուն որոշ հարցերու լուսաբանութիւն գտնելու:
Սովորաբար հաճոյքով կը կարդամ էջին վրայ զետեղուածները, սակայն լուռ կ’անցնիմ:
Այդ օր մէկը սխալ տեղեկութիւն մը զետեղեց, ու չեմ գիտեր ինչո՞ւ անմիջապէս հակադարձեցի ու բնականաբար անունս երեւաց մեկնաբանութիւններուն մէջ ու  խումբէն անծանօթ մը տեղւոյն վրայ հարցուց.«Սամ Պապիկեանը ազգակա՞ն է ձեզի»:
Շշմեցայ: Ո՞վ էր հարցնողը եւ արդեօ՞ք կը ճանչնար հօրեղբօրս տղան:
Անմիջապէս հետաքրքրութեանս գոհացում տալու համար կը հարցնեմ, թէ արդեօ՛ք ծանօթ է ամերիկաբնակ զարմիկիս:
Անմիջապէս ժխտողական պատասխան կը ստանամ, բայց կծիկին ծայրը արդէն բռնած էինք: Անծանօթս՝ Շողիկ, ծանօթացնելով ինքզինք կը բացայայտէ նաեւ որ ինք կ’ակնարկէ մեծ հօրս՝ Սամուէլին, որուն հօրեղբօր ծոռն է ինք:
 Առաջին առիթով կ’ահաբեկուիմ լսածներէս ու իր տուած ստոյգ, մանրամասն տեղեկութիւններէն, որոնք լսած էր իր մեծ մօրմէն: Անակնկալին դէմ շշմած կը մնամ, բայց ներքին հրճուանք մը եւ նախախնամութեան մէկ կարգադրութեան թէ պատահականութեան այս միջամտութիւնը վայրկեան մը զիս կ’անջատէ շրջապատէս:
Անմիջապէս մեր զրոյցները կը շարունակուին մեր անձնական էջին վրայ: Իրմէ կ’իմանամ, որ ամուսնոյն հետ միասին յաջողած են իրենց ընտանեկան ծառերը պատրաստել, որոնց վրայ կ’երեւան նաեւ ազգականական կապերը մեր ընտանիքին հետ: Մենք շուտով կը դառնանք մտերիմներ եւ քիչ-քիչ արեան կապն ու հարազատ զրոյցները կը բացայայտեն որոշ մանրամասնութիւններ: Ան կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս իր մօր մեծ մայրը 1915-ի տեղահանութեան օրերուն երբ Հալէպ կը հասնի քրոջ՝ Մարիձայի հետ, երկուքով կը մնան իր քեռիին՝ Սամուէլի (մեծ հօրս)  տան մէջ, ուրկէ նաեւ հարս պիտի ելլէր ուղեւորուելով դէպի Գահիրէ:
Եւ որովհետեւ միայն ես մնացած էի հարիւր յիսուն տարուան Հալէպ կեցութիւն ու գործ հաստատած մեծ գերդաստանէն, կը սկսիմ մօրս կողմէ ինծի  վստահուած ընտանեկան նկարներու պահարանը անգամ մը եւս պրպտել:
Շողիկ կը խնդրէ, որ անգամ մը ստուգեմ թէ իր մեծ մօր կամ Գէորգ մեծ հօր նկարներէն կա՞ն մեր հաւաքածոյին մէջ:
Ակամայ կը յիշեմ հօրմէս լսածներս, որ ջարդի օրերուն երբ գաղթականներ կը հասնէին Հալէպ, իրենց բազմանդամ ընտանիքը հիւրընկալած  էր գաղթի ճամբան բռնած ազգականները, եւ թէ ինչպէ՛ս տան փոքրերը կառքերով կը տանէին ու կը մօտենային Ճամիլիէի՝ այդ օրերու հեռակայ արուարձանը, ուր գաղթական հայեր կը հասնէին ամէն օր, յետոյ փոքրերուն պարտականութիւն կը տրուէր իջնել կառքէն, շրջիլ գաղթականներուն մէջ ու ազգականի կամ բարեկամի մը հանդիպելու պարագային զանոնք ուղղել դէպի կառք ու զինուորներէն աննկատ զանոնք հասցնել իրենց տունը:
Այդ տարածքը այսօրուան Սան Լուի հիւանդանոցի հողատարածքն է:
Օր մը երբ ազատ ժամուս կը խառնեմ այդ լուսանկարները, կը գտնեմ մեծ հօրս հօրեղբօր՝ Գէորգի նկարները, ուղարկուած Աշոտիէն:
Այո՛, Աշոտի, Տէրէնտէ, եւ այլ մանր գիւղեր Սեբաստիոյ նահանգին պատկանող բնակուած էին հայերով, բայց այսօր ո՞վքեր են անոնց բնակիչները, կամ կա՞ն արդեօք այդ գիւղերը՝ ո՞վ գիտէ: Բայց կը յիշեմ որ հօրս ընտանիքը Հալէպ կայք հաստատուելէն ետք իսկ ամառը կ’անցընէր Աշոտիի մէջ:
Յանկարծ հարցում մը կը չարչարէ ուղեղս: Հայրս փորձած էր իր յիշածները այդ ընտանիքի մասին պատմել մեզի, բայց ինչո՞ւ չէր խօսած Գէորգ մեծ հօրեղբօր ընտանիքին մասին:
Շողիկին հետ յաջորդ մեր զրոյցին, ան կը յստակացնէ, որ այդ ընտանիքի ամբողջ անդամները ջարդին սպանուած են եւ միակ ողջ մնացողը եղած է իր մէկ թոռը: Եւ այսպէս մեր յիշածներով մենք կը փորձենք այս ընտանիքին պատմութեան որոշ մանրամասնութիւնները ամբողջացնել: Շողիկ հարց կուտայ նաեւ, թէ արդեօ՞ք սովորութիւն դարձած ընտանեկան Աւետարան մը պահուա՞ծ է եւ արդեօք որոշ յիշատակութիւն կա՞յ հոն իր Տէր Ստեփանեան մեծ մօր մասին: Շողիկի հարցումը զիս կ’ուղղէ դէպի ընտանեկան Աւետարանը, ուր արձանագրուած կը գտնեմ իր մեծ հօր նշանախօսութեան պատմութիւնը:
Ո՞վ էր մեզ ուղղողը՝ նախախնամութիւնը…: Աւետարանի այդ պրպտումներուս ընթացքին այլ տեղ մը կը կարդամ, որ 1909-ի Ատանայի ջարդի օրերուն մեծ հայրս իր ընտանիքով կ’ապաստանի Լիբանան մինչեւ կացութեան հանդարտիլը, ապա անոնք կը յաջողին վերադառնալ իրենց Հալէպի բնակարանը:
Վերջապէս կ’առաջարկեմ իրեն հանդիպիլ մեր քանատաբնակ ազգականներուն՝ հօրս հօրեղբօր աղջկան Ռիթային հետ նաեւ, յուսալով որ ան շատ աւելի լաւատեղեակ պիտի ըլլար այդ ընտանեկան պատմութիւններուն: Շողիկ սկիզբը կը վարանի, սակայն իմ քաջալերանքով անոնք շուտով կը հանդիպին Մոնրէալի մէջ, ուր երկուքը կը բնակին իրարմէ անտեղեակ:
Այսպէս՝ դիմատետրին մեծ բարեմասնութեան շնորհիւ մենք հանդիպեցանք իրարու:
Զեփիւռ Պապիկեան-Աւագեան