Ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ գործող հայագիտական միակ հիմնարկը Համազգայինի Սուրիոյ  Շրջ. Վարչութեան յառաջացուցած Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկն է, որ շուրջ 25 տարիէ ի վեր կը գործէ:
Այս հիմնարկը մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնած է ու նոյն յանձնառութեամբ կը շարունակէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը, հակառակ Հալէպի աննախադէպ դժուարութիւններուն՝ պատերազմ, դասախօսներու գաղթ, երկրի տնտեսական շրջափակում… եւ այլն:
Այս յուսատու հիմնարկը պատերազմի տարիներուն չփակեց իր դռները: Դասախօսներ, ուսանողներ, տնօրէններ ու վարչական պատասխանատուներ ո՛չ ռումբերուն տարափէն ընկճուեցան, ո՛չ տեղէ-տեղ փոխադրուելու հարկադրանքէն, ո՛չ ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապէն, ոչ ալ տնտեսական ճգնաժամէն: Անոնց աշխարհը աւելի կայուն եւ հարուստ էր, որովհետեւ անոնք մնայուն արժէքներու հաւատացին եւ անոնցմով մխիթարուեցան:
Հիմնարկին նպատակը կարելի չէ սահմանել հռետորաբանութիւնն ու քարոզչութիւնը օգնութեան կանչելով: Երբե՛ք: Այս փոքրիկ, բայց մեղուափեթակի պէս գործող հիմնարկը, իրականութեան մէջ, յանձն առած է հայերէնաւանդ ուսուցիչներու վերապատրաստութիւնը, ազգային միութենական հաստատութիւններուն մէջ պաշտօնավարող մեր երիտասարդներուն հայագիտական ուսումը գոհացուցիչ մակարդակի մը հասցնելու պատասխանատուութիւնը՝ արեւմտահայերէնի հուրն ու սէրը բորբ պահելով հայ սերունդներու մտքին ու հոգիին մէջ:
Այս հիմնարկին հիմնադիրները ծով զոհողութիւններով կեանքի կոչած են զայն: Դասախօսներ, ուսանողներ, վարչական պատասխանատուներ ու տնօրէններ ձեռք-ձեռքի տալով իրենց կարելին ի գործ դրած են անոր գոյերթը պահելու համար:
Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկի շրջանաւարտները այսօր ամէն տեղ են՝ դպրոցական, մամլոյ, միութենական, եկեղեցական եւ այլ միջավայրերու մէջ կը ծառայեն ու իրենց սորվածը կը հրամցնեն իրենց աշխատանքին ընդմէջէն: Տակաւին Սուրիոյ պատերազմին բերումով գաղթած շրջանաւարտները աշխատանք կը ստանձնեն սփիւռքահայ գաղութներու այլազան հաստատութիւններէ ներս:
Բնականաբար բոլոր շրջանաւարտները նոյն հուրն ու մղումը չունին կատարելագործելու իրենց կարելիութիւնները, հիմնարկէն ստացած իրենց 4-ամեայ գիտելիքներն ու դասախօսներուն հետ շփման հետեւանքով սորվածը մշտապէս զարգացող հոլովոյթի վերածելու: Այսպէս է ամէն տեղ, հուրն ու սէրը բաւարար չեն արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալելու համար, յամառ աշխատանք է պէտք …
Այս բոլորը յիշելով մէկտեղ կը զարմանանք՝ տեսնելով արեւմտահայերէնի համար տագնապող կարգ մը կողմերու նշմարելի անտարբերութիւնը այս հիմնարկին նկատմամբ:
Տարբեր գաղութներու մէջ, տարբեր հարթակներու վրայ կը խօսուի արեւմտահայերէնը պահպանելու, փրկելու մասին, աւելին՝ ամէն զոհողութիւն, կարելիութիւն ի գործ դնելու այս նպատակին համար, սակայն մինչեւ օրս չտեսանք հարթակ մը, որ նկատէր, թէ այստեղ, այս տագնապող ու տառապող գաղութին մէջ գոյութիւն ունի հայագիտական հիմնարկ մը, միակը Միջին Արեւելքի մէջ այս օրերուն, որուն կ’արժէ գէթ ուշադրութիւն դարձնել, օժանդակել, թեւ ու թիկունք կանգնիլ, որ կանգուն մնայ ու բազմապատկէ իր ճիգն ու կարելիութիւնները: Արդիւնքը բոլորին հասանելի պիտի չըլլա՞յ վերջապէս:
Զարմանքով ականջալուր կ’ըլլանք երբեմն համահայկական մակարդակով տարուող մշակութային գործունէութեանց զարդարուն տեղեկագիրներուն, որոնց մէջ ոչ մէկ յիշատակութիւն կը գտնենք այս հիմնարկին մասին:
Հարիւր հազարներու հասնող գումարներ կը յատկացուին այլազան ծրագիրներու, երբեմն նոյնիսկ սիրողական մակարդակէն քայլ մը անդին չանցնող ձեռնարկներու:  Այսքանը չէ միայն, արեւմտահայերէնի համար լոկ խօսքով պայքարելու կ’ելլենք աշխարհով մէկ, տունով տեղով, ամբողջ ցեղով, սակայն նոյն նպատակին գործնապէս ծառայող այս հիմնարկն ու անոր նմանող այլ յարգելի աշխատանքներ չենք իսկ նկատեր, չենք ուզեր նկատել, համահայկական մեր տեսողութեան դաշտը նեղ կու գայ երբեմն:
Զարմանալի ազգ ենք մենք…, արժեւորել, արժէքներ որոնել ու պահպանել յանձն կ’առնենք միականի ձեւանալով երբեմն…  «Յանցաւոր չենք, չենք տեսներ, որ արժեւորենք», կ’ըսենք ու կը շարունակենք անտարբեր մնալ:
Փշակն