Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ յայտնուած են պսակաձեւ ժահրով վարակուած 9 նոր պարագաներ, որոնք նախապէս վարակուած եւ մահացած կնոջ մը հետ շփում ունեցած քաղաքացիներ են։ Այսպիսով՝ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն ընդհ. թիւը կը հասնի 187-ի, բուժուածներունը՝ 78-ի, իսկ մահացածներունը՝ 7-ի։