«Ապառաժ».- 22 Յունիսին Ազգային ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան ԱՀ 2019 թուականի պետական պիւտճէի կատարման տարեկան հաշուետուութեան քննարկման ընթացքին յայտնած է, որ ԱՀ պետական պիւտճէի կատարման տարեկան հաշուետուութեան մէջ նկատելի եղած են շարք մը հարցեր, որոնք հիմնականօրէն հաշուետուութեան ներկայացման ձեւին ու որակին կը վերաբերին: Պետական պիւտճէի կատարողականը «պիւտճէտային համակարգի մասին» ԼՂՀ օրէնքի շարք մը յօդուածներու խախտումներով ներկայացուած է :
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Ա. Մոսիեանի եւ պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանի ուղղուած հարցադրումներն ու առաջարկութիւնները ԱՀ պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանին եւ տնտեսական նախարար Վահրամ Պաղտասարեանին, պետական ներքին պարտքին, վարկերու ձեռբքերման ու անոնց սպասարկման պայմաններուն, պետական պիւտճէի յաւելորդին, պակասորդին ու ազատ մնացորդին վերաբերող տնտեսութեան չարտացոլելուն կ’առնչուէին, ինչպէս նաեւ վերլուծական-համեմատական գնահատականներուն ու պետական տնտեսութեան աշխուժացման գործառնութիւններուն հետ կապուած մանրամասն տեղեկատուութեան:
Պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի խօսքին համաձայն, անցեալ տարուան պետական պիւտճէի հաշուետուութեան մէջ օրէնքով հրապարակում պահանջող տեղեկութիւններ ներկայացուած են: Պետական նախարարը միաժամանակ հաւաստիացուցած է, որ պետական պիւտճէի հետագայ հաշուետուութիւններու ներկայացման ընթացքին, նկատի պիտի առնուի ՀՅԴ խմբակցութեան առաջարկութիւնը` պետական ներքին պարտքի, սպասարկման պայմաններուն եւ մարման ուղղուող տնտեսութեան արտացոլման առնչութեամբ:
Քննարկումէն ետք , ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Ա. Մոսիեան, անդրադառնալով պետական պիւտճէի 2019-ի կատարողականի քննարկումներուն, յայտնեց, որ ընդհանուր առմամբ, քննարկումներու ընթացը գոհացուցիչ է:
«Նոյնը, սակայն, Ազգային ժողովին ներկայացուած պիւտճէի հաշուետուութեան որակին մասին չենք կրնար ըսել: Չեն պահպանուած պիւտճէտային համակարգի մասին օրէնքի շարք մը յօդուածներ, իսկ 26-րդ յօդուածը, որ պետական ներքին պարտքին մասին է, ընդհանրապէս անցեալ տարուան պիւտճէի կատարողականումը չէ արտացոլուած: Ընդհանուր միայն հաշիւի պակասի մարման ուղղուած տնտեսական միջոցները հաստատուած են, սակայն խնդրահարոյց կը համարենք, թէ 1 Յունուար 2020-ի դրութեամբ կազմին մէջ պետական ներքին պարտքը որքան ըլլալը արտացոլուած չէ : Սպառիչ պատասխաններ չհնչեցին նաեւ մեր` հարցադրումներուն, թէ ինչու՞ կատարողականութեան մէջ յստակօրէն արտացոլուած չէ տեղեկատուութիւնը, թէ որմէ՞ պարտք կամ վարկ պիտի առնենք, ի՞նչ պայմաններով եւ ի՞նչ տնտեսական միջոցներով պիտի սպասարկենք», մանրամասնած է Ա. Մոսիեան: