Երկուշաբթի, 22 Յունիս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին Լաթաքիոյ նահանգին մէջ գտնուող Ճապլէ քաղաքին ուղղութեամբ Իսրայէլի արձակած հրթիռներուն, վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։
Յիշենք, որ վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Լաթաքիոյ Հմէյմիմի զինուորական օդակայանին ուղղութեամբ կատարուած ահաբեկչական տասնեակ յարձակումներու դէմ դրին եւ վար առին արձակուած շարք մը հրթիռներ։