Թուրքիոյ նախագահի Բարձրագոյն Խորհրդատուական Մարմինը անցեալ Երեքշաբթի հինգ ժամ տեւողութեամբ նիստ գումարեց՝ քննարկելու, թէ ի՛նչ միջոցներով պէտք է արձագանգել 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ «անհիմն եւ հակաթրքական մեղադրանքներուն»: Խորհրդատուական մարմինին մէջ ընդգրկուած են նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը, Իսմայիլ Քահրամանը (խորհրդարանի նախկին նախագահ), Պիւլենտ Արընչը (նախկին փոխվարչապետ), Ճեմիլ Չիչեքը (խորհրդարանի նախկին նախագահ), Քէօքսալ Թոփթանը (խորհրդարանի նախկին նախագահ), Մեհմեթ Ալի Շահինը (խորհրդարանի նախկին նախագահ), Եըլտըրըմ Աքպուլութը (նախկին վարչապետ), նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մեթին Քըրաթլըն եւ նախագահի հանրային կապերու ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթունը։
Համայն հայութիւնը շատ գոհ է, որ թրքական կառավարութիւնը, մէկ դար շարունակ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ստելէ ետք, դիմելով արտակարգ միջոցներու, ինչպէս՝ տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս շանթաժի ենթարկել այլ երկիրներ, հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ ծախսելով լոպիիստական ընկերութիւններ վարձել եւ ժխտողական քարոզչութիւն տարածել, այժմ երկար ժամեր կը յատկացնէ՝ մտածելով, թէ ինչպէ՛ս պիտի հակադարձէ «հայկական լոպիին»:
Ասիկա կը նշանակէ, որ 105 տարի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու Թուրքիոյ բոլոր փորձերը ապարդիւն անցած են: Թուրքիա վատնած է ահռելի միջոցներ եւ ժամանակ՝ հերքելու անհերքելին…: Թուրքիոյ կառավարութիւնը թող կրկին փորձէ համոզել աշխարհը, թէ այսպիսի Ցեղասպանութիւն չէ կատարուած: Ի վերջոյ, Թուրքիոյ ղեկավարները կը հրաժարին՝ տեսնելով, որ չեն կրնար համոզել մէկը, որ հաւատայ իրենց կեղծիքներուն: Կու գայ այն օրը, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը խոստովանի, որ շատ աւելի դիւրին է ճշմարտութիւնը ըսել, քան շարունակել հիմնաւորուած պատմական իրողութիւնը աղաւաղելու ապարդիւն ռազմավարութիւնը: Թուրքիոյ շահերէն կը բխի հաշտուիլ Հայաստանի կառավարութեան ու անոր Սփիւռքին հետ եւ բանակցիլ Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին պատճառուած վնասի դիմաց պատշաճ հատուցման եւ իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ: Այն պահուն, երբ Թուրքիա կ’ընդունի պատմական փաստերը եւ կը հատուցէ վնասը, այլեւս կարիք չի մնար անհանգստանալու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին համայն աշխարհին կողմէ լսուելիք արձագանգով: Ընդհակառակն, թուրք ղեկավարը գովասանքի կ’արժանանայ միջազգային հանրութեան  կողմէ՝ փաստերուն  հետ  դէմ յանդիման  գալու  եւ  Թուրքիոյ անցեալի յանցագործութիւններու հարցին հետ ազնուութեամբ վերաբերելու իր կեցուածքին համար։
Իսկ մինչ այդ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը անմիտ յամառութեամբ մը կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման իր անյոյս արշաւը։ Անցեալ շաբաթ Բարձրագոյն Խորհրդատուական Մարմինի հինգ ժամ տեւած դռնփակ նիստէն ետք, Էրտողանի աշխատակազմի հանրային կապերու ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն փոխանցեց նախագահի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Թշնամութեան սերմերը, որոնք փորձած են ցանել աղաւաղուած պատմական դէպքերու միջոցով, չեն կրնար ծլիլ արդարութեան հողին մէջ»։ Ան «հայկական լոպի»ն մեղադրած է՝ «օսմանեան բոլոր քաղաքացիներու վերապրած դժուարին ու ցաւոտ դարաշրջանը շահարկելուն համար՝ յանուն քաղաքական շահերու, ուժային զանազան խումբերու կողմէ յօրինուած կեղծիքներու եւ զրպարտութիւններու»: Աւելին, ան ըսաւ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են «համապարփակ քայլեր»՝ կանխելու հայկական լոպիին կողմէ 1915-ի իրադարձութիւններու օգտագործումը՝ «Թուրքիան եւ մեր ժողովուրդը անարգելու համար, ինչպէս նաեւ այս հարցը քաղաքական նպատակով շահարկող երկիրներու իրականութեան հետ կապ չունեցող պնդումներու վրայ հիմնուած քարոզչութիւնը»։ Թուրքիոյ նախագահական նիստին նաեւ քննարկուած են շարք մը նախագիծեր եւ գործողութիւններ, որոնք կարելիութիւն կ’ընձեռեն «լոյս սփռել»ու հարցերու վրայ՝ պատմական եւ իրաւական յատկանիշներով, նաեւ՝  «զանոնք փաստերով ներկայացնելու թրքական եւ միջազգային հանրութեան», աւելցուց ան։
Ցեղասպանութեան ժխտման այս նոր ծրագիրը հաւանաբար պայմանաւորուած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Պալատին կողմէ անցեալ տարուան աշնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերով (405 թեր-11 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ) եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին միաձայն քուէարկութեամբ:
Հարցը այն է, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ ղեկավարները Ցեղասպանութեան ժխտման վերաբերեալ հինգ ժամ քննարկում կը կատարեն այն ժամանակ, երբ երկրին մէջ կ’ուժեղանայ թագաժահրի համավարակը, տնտեսութիւնը փլուզուած է, թրքական լիրան անկում կ’ապրի, իսկ Էրտողան կը կորսնցնէ հասարակութեան աջակցութիւնը: Ըստ կարգ մը վերլուծաբաններու՝ այս Էրտողանի մարտավարութիւնն է՝ շեղել թուրք հասարակութեան ուշադրութիւնը իր վատ կառավարումէն եւ աղէտներէն, ինչպէս երկրին ներսը, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս:
Անցեալ ամիս հեռատեսիլային ելոյթի մը ընթացքին, Էրտողան իր վրդովումը արտայայտելով կառավարութեան բազմաթիւ խնդիրներու մասին, ի շարս այլ հարցերու, դարձեալ յարձակեցաւ «հայկական լոպի»ին վրայ: Ան խոստացաւ. «Մենք պիտի չնահանջենք չար ուժերու դէմ՝ ո՛չ FETO-ի (Կիւլենի շարժումը), ո՛չ PKK-ի («Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւն»), ո՛չ հայկական ու յունական լոպիներու կամ Պարսից ծոցի թշնամական կեդրոններու»։
Հայաստանի կառավարութիւնը արագ արձագանգեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նախագահ Էրտողանի կեղծիքներուն։ Ասիկա ողջունելի իրադարձութիւն է, քանի որ Հայաստանի նախորդ կառավարութիւնները կ’անտեսէին թրքական նմանօրինակ բոլոր պոռթկումները: Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեան պատասխանեց. «Թուրքիոյ նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան արդարացման եւ անոր զոհերը վիրաւորելու յայտարարութիւնները նորութիւն չեն եւ կը հանդիսանան ատելութեան խօսքի դրսեւորումներ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կ’ունենան այդ երկրին մէջ հայերու հանդէպ այլատեացութեան մթնոլորտի պահպանման եւ ամրապնդման վրայ…: Ժխտողականութիւնը ապագայ չունի, անկախ անկէ, թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս կը փաթեթաւորէ զայն։ Որքան ալ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ջանքեր գործադրեն խափանելու ճշմարտութիւնը, ամէն պարագայի ճշմարտութիւնը հարթած է եւ պիտի հարթէ իր ճամբան»։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը եւս յայտարարութիւն տարածեց՝  Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման Էրտողանի վերջին ծրագիրները անուանելով՝ «թրքական իշխանութիւններու վտանգաւոր այլատեաց քաղաքականութիւն՝ ուղղուած Հայ Դատի գործիչներուն դէմ…: Ցաւօք, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ հայերու դէմ ատելութեան սերմանումը Թուրքիոյ մէջ պետական քաղաքականութիւն են»:
Աւելին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, ասորական եւ յունական կազմակերպութիւններու հետ միասին հանդէս եկաւ միացեալ յայտարարութեամբ՝ խստօրէն դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութեան հակադրուելու Թուրքիոյ կառավարութեան վերջին յայտարարութիւնը. «Գիտակցելով, որ ժխտումը Ցեղասպանութեան վերջին փուլն է՝ ուժեղացնելու մարդկութեան պատմութեան եւ տառապանքներու ոչնչացումը, կոչ կ’ուղղենք բարեխիղճ մարդոց տեղեակ պահելու Ցեղասպանութեան զոհերու անցեալի եւ ներկայի ծանր վիճակին մասին, այլեւ պատասխանատուութեան ենթարկելու անոնք, որոնք կը ձգտին խեղաթիւրել պատմական ճշմարտութիւնը, միաժամանակ հաւաստիացնելով, որ աշխարհը այլեւս երբեք լուռ չի մնար, այնքան ատեն, որ տակաւին կը գործադրուի ցեղասպանութիւն»:
Իմ խորհուրդը նախագահ Էրտողանին եւ անոր գործակիցներուն՝ հրաժարիլ Թուրքիոյ դարաւոր անյաջող ջանքերէն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերու ժխտման ուղղութեամբ, գիտակցիլ ճշմարտութեան եւ նախաձեռնել երկկողմանի համաձայնութեամբ ծրագիրի մը պատրաստութեան՝ հատուցելու համար Ցեղասպանութեան պատճառով հայ ժողովուրդին կրած կորուստները։

Յարութ Սասունեան

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան