Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 25 յունիսին հանդիպում ունեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանին հետ:
Նախարարները, իբրեւ շարունակութիւն Երեւանի մէջ 19 յունիսին տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու միացեալ նիստի քննարկումներուն, միտքեր փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ: Նախարար Մնացականեան ընդգծեց Արցախի ժողովուրդին եւ անոր կողմէ ընտրուած իշխանութեան դերը` խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ: Այդ առնչութեամբ երկուստեք կարեւոր նկատեցին նման ձեւաչափով պարբերական հանդիպումներու կազմակերպումը` խաղաղ հոլովոյթի բովանդակային, վտանգներու նուազեցման եւ մարդասիրական հարցերու շուրջ դիրքորոշումներու եւ մօտեցումներու ճշգրտման առումով:
Նախարարներ Մնացականեան եւ Մայիլեան բարձր գնահատեցին Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ միջազգային ու շրջանային տարբեր հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւններու կայացումը` իբրեւ լաւ կարելիութիւն անդրադառնալու երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն եւ համագործակցութեան հեռանկարներուն:
Նախարարները անդրադարձան նաեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին լոյսին տակ ստեղծուած իրավիճակին եւ վերջինիս ընկերային-տնտեսական հետեւանքներու մեղմացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման: