«Երկիր».-25 Յունիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հեռաձայնային զրոյցը Իրաքի փոխվարչապետ, ԱԳ նախարար Ֆուատ Հուսէյնի հետ:
Նախարար Մնացականեան շնորհաւորած է իր իրաքցի գործընկերոջը` փոխվարչապետի եւ ԱԳ նախարարի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով` անոր մաղթելով յաջողութիւն այդ կարեւոր առաքելութեան մէջ:
Արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձած են պսակաձեւ ժահրի իրադրութեան եւ մարտահրաւէրներու հասցէագրման ու բնականոն կեանքի վերականգնման ուղղութեամբ ազգային մակարդակներու վրայ իրականացուող քայլերուն եւ նախաձեռնութիւններուն:
Նախարարներ Մնացականեանն ու Հուսէյնը գոհունակութիւն յայտնած են պատմական կապերով միահիւսուած հայ-իրաքեան բազմադարեայ յարաբերութիւններուն նկատմամբ եւ վերահաստատած փոխադարձ պատրաստակամութիւնը` ջանքեր գործադրելու եւ առաւել խորացնելու եւ ընդլայնելու ուղղութեամբ: Զրուցակիցները կարեւոր համարած են հայ-իրաքեան միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութիւնը:
ԱԳ նախարարները բարձր գնահատած են երկրի ընկերային-տնտեսական, քաղաքական կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ նշանակալի ներդրում ունեցած իրաքահայ համայնքին դերակատարութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ նաեւ երկու ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն մերձեցման։ Նախարար Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնած է իր իրաքցի գործընկերոջը` հայ համայնքին նկատմամբ դրսեւորուած աւանդական ջերմ վերաբերմունքին եւ հոգատարութեան համար:
ԱԳ նախարարները անդրադարձ կատարած են միջազգային եւ տարածաշրջանային շարք մը հարցերու` երկուստէք ընդգծելով տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան կարեւորութիւնը:
Զոհրապ Մնացականեան եւ Ֆուատ Հուսէյն միտքեր փոխանակած են Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն շուրջ: Ընդգծուած են մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանի ազգային, կրօնական եւ ցեղային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, հոգեւոր եւ պատմական ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը: