«Երկիր».-Այս տարուան Յունուար-Մայիսին արտերկիր վաճառուած կազի ծաւալը կազմած է 5,6 միլիար խորանարդ մեթր,որ 13,4% -ով աւելի է, քան 2019-ի նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը:
Ըստ Ատրպէյճանի ուժանիւթի նախարարութեան տուեալներուն, այս տարուան Յունուար-Մայիսին Ատրպէյճան 2019-ի նոյն ժամանակաշրջանի համեմատութեամբ Թուրքիա արտահանած է 2,6 միլիար խորանարդ մեթր կազ (21,7%) աւելի:
Ըստ տեղեկութիւններուն, Վրաստան արտահանուող կազի ծաւալը կազմած է 1,2 միլիար խորանարդ մեթր: Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթատարի շահագործման համար կազի ծաւալը կազմած է 51 հազար խորանարդ մեթր: