Հայաստանի Ազգային ժողովը մամլոյ հաղորդագրութիւն  տարածած է, որուն մէջ յիշուած է, որ Սահմանադրական դատարանի երեք դատաւորներուն, ինչպէս նաեւ դատարանի նախագահի լիազօրութիւնները դադրած են: Նախ` կարեւոր է հասկնալ, թէ ի՞նչ իրաւական ուժ ունի այս հաղորդագրութիւնը: Միւս կարեւոր հարցումը` կրնա՞ն  արդեօք Հանրապետութեան նախագահը, կառավարութիւնը եւ դատաւորներու ընդհանուր ժողովը 27 Յունիսէն սկսեալ  թեկնածուներ առաջադրել, ինչպէս նշուած է  հաղորդագրութեան մէջ:

Ծանօթանալով Ազգային ժողովի կայքին մէջ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան` յստակ պէտք է արձանագրել`

  1. Այս հաղորդագրութիւնը չունի եւ չի կրնար որեւէ իրաւական ուժ ունենալ:
  2. Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու իրականացման շրջանակներուն մէջ վերջինս չունի նման անուանումով եւ բովանդակութեամբ իրաւական արարք ընդունելու որեւէ իրաւասութիւն:
  3. Անգամ հակասահմանադրական ճամբով ընդունուած` Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախագիծով` Սահմանադրական դատարանի դատաւորներու լիազօրութիւններու դադրեցման որեւէ ընթացակարգ եւ պատասխանատու մարմին նշուած չէ:
  4. Աւելին` Սահմանադրական դատարանի մասին սահմանադրական օրէնքին համաձայն` անոնք բոլորը կը շարունակեն իրենց պաշտօնավարումը:
  5. Սահմանադրական դատարանի դատաւորի կամ նախագահի լիազօրութիւններու դադրեցման ընթացակարգերն ու անհրաժեշտ փաստաթղթաւորումը նկարագրուած է դատարանի գործունէութիւնը կարգաւորող օրէնքով եւ բացառապէս Սահմանադրական դատարանին եւ դատարանի նախագահին վերապահուած է:
  6. Անբացատրելի է թէ ինչպէ՞ս կրնայ երեք դատաւորներու փաստաթուղթերը յայտնուած է Ազգային ժողովին, որ բոլոր երեք դատաւորները, տարբեր տարիներուն Հանրապետութեան նախագահի կողմէն նշանակուած են, այլ ոչ թէ Ազգային ժողովին:
  7. Ազգային ժողովի անունով տարածուած մամուլի հաղորդագրութիւնը իշխանութեան իւրացման կամ սահմանադրական կարգի տապալման յանցակազմի իրեղէն ապացոյցն է: Ան անօրինական միջամտութիւն է եւ անորմով առաջնորդուիլը նոր յանցագործութիւններու առիթ կը դառնայ:

Օրուան իշխանութիւնները օրինականութեան սահմաններ պէտք է  վերադառնան: