26 Յունիսին դաշնակցական երիտասարդներ բողոքի ցոյց կատարեցին Սահմանադրական դատարանին դիմաց` հոն տեղադրելով շղթայուած պաստառ, որուն վրայ գրուած է սահմանադրութիւն, պատկերուած` Հայաստանի զինանշանն ու դրօշը:

«Ժողովուրդին անունով կը խօսին բոլորը, մենք, ի հարկէ, իրաւասու չենք խօսիր ամբողջ ժողովուրդին անունով, բայց վստահ ենք, որ ժողովուրդին մէջ կայ հատուած մը, որ կրնայ այս ամբողջ անօրինութիւններուն արժանի պատասխան տալ», ըսաւ ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան:

Ըստ անոր, Սահմանադրական դատարանի դատաւորները այս ընթացքին շատ լաւ վարք ցուցաբերեցին, անոնք տուրք չտուին  կառավարութեան կողմէ առաջադրուող կիսափտած թոշակային ծրագիրին: Ան դիտել տուաւ, որ 2018-էն ի վեր ժողովուրդը իշխանութենէն արդարադատութիւն կը պահանջէ: «Բայց մենք հակառակը կը տեսնենք: Հոս անձերու խնդիր դրուած է. ո՛վ պիտի ըլլայ դատաւոր, ո՛վ պիտի ենթարկուի իշխանութեան»:

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինին կից պետաիրաւական յանձնախումբի նախագահ Մհեր Սահակեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ պէտք է վերականգնի սահմանադրական կարգը, երկրորդ տեսակէտ կամ կարծիք չի կրնար ըլլալ այս մասին: «Համոզուած եմ, որ տեղի կ՛ունենայ իշխանութեան իւրացում, եւ քաղաքական իշխանութիւնը իր արկածախնդիր անձնական շահերը վեր դասած է պետական-ազգային շահէն», շեշտեց ան: