«Ռատիօ լուր»ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան դիտել տուաւ, որ Ֆրանսայի մէջ, Կիրակի օրը տեղի ունեցած Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութիւնները գոհացուցիչ են ֆրանսահայ համայնքին համար: «Ֆրանսայի ընտրութիւններուն հայ համայնքին համար երկու կարեւոր հանգամանք կայ. առաջինը թուրք-ատրպէյճանական աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներու չընտրուիլն է: Երկրորդը` հայ համայնքի, հայկական կազմակերպութիւններու բարեկամներու յաջողութիւնը», շեշտեց ան։
28 Յունիսին տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններուն երկրորդ փուլին Փարիզի քաղաքապետ վերընտրուեցաւ Անն Իտալկօն: Վերջին ամիսներուն, ֆրանսահայերը կ՛ահազանգէին, թէ Իտալկոյի քաղաքական հակառակորդը` Ռաշիտա Տաթին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մեծ բարեկամն է. եղած է Ատրպէյճանի բարեկամներու միութեան անդամ, որ կը նկատուի Ֆրանսայի մէջ «խաւիարային դիւանագիտութեան» գլխաւոր գործիքը եւ յայտնի է ամբողջատիրական Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ սերտ կապերով:
Հայաստանի, Հայ Դատի եւ հայ համայնքի լաւ բարեկամ Անն Իտալկոյի վերընտրուիլը չէ միայն պատճառը, որ 28 Յունիսի ընտրութիւններու արդիւնքներով գոհ է հայ համայնքը. «Ֆրանսայի կեդրոնական շրջաններուն մէջ Էրտողանի ջանքերով որոշ ցանկերու մէջ ընդգրկուած էին թրքական ծագումով ֆրանսացիներ, որոնք աւելի ուշ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հրապարակայնօրէն ժխտած էին: Եւ հայ համայնքը մեծ պայքար տարաւ, որպէսզի այդ թեկնածուները ձախողին», ըսաւ Յարութ Շիրինեան:
Բայց 28 Յունիսին տեղի ունեցած քուէարկութենէն ետք «եան»ով կ՛աւարտի ո՛չ միայն Ֆրանսայի, այլեւ Եւրոպական Միութեան ամէնէն կարեւոր քաղաքներէն մէկուն ղեկավարին մականունը՝ Ժաննա Բարսեղեան, Սթրազպուրկի նոր քաղաքապետը:
Ֆրանսահայութեան համար շատ կարեւոր է, որ հայկական համայնքի ներկայացուցիչները ներկայացուած ըլլան երկրին քաղաքական կեանքին մէջ, կ՛ըսէ Յարութ Շիրինեան: Ժաննա Բարսեղեանի հետ համագործակցութեան եզրեր կը նախանշուին: «Տիկին Բարսեղեան բաւական հետաքրքրուած է Հայաստանի բնապահպանական ոլորտով: Հաւանական է, որ Հայ Դատի գրասենեակը եւ հայ համայնքը անոր աջակցութիւն ցուցաբերեն` միասին ծրագիրներ իրականացնելու», ըսաւ Շիրինեան: