1 Յուլիսէն համացանցի վրայ է ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի 7-րդ թիւը: Քայլ պահելով օրուան հեւքին հետ հրապարակուած թիւը գլխաւորաբար կ’անդրադառնայ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին: Պաշտօնաթերթի «հարցազրոյց» խորագիրին ներքեւ տուեալ հարցին մասին կը խօսի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեան: Վիգէն Բաղումեան կ’անդրադառնայ դրացի Իրանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, որոնց վրայ ծանր կնիք դրած են համավարակը եւ արտաքին-քաղաքական հարցերը: Ան կը ներկայացնէ նաեւ Իրանի հայկական համայնքային կառոյցներուն կազմակերպած աշխատանքներուն սկզբունքը՝ ուղղուած համավարակի պայմաններուն մէջ մեր ազգակիցներուն անհրաժեշտ օժանդակութիւններուն: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը միեւնոյն ատեն համապատասխան աշխարհաքաղաքական դիտանկիւնէն հայեացք մը կը նետէ հայ-իրանական փոխյարաբերութիւններու ներկային վրայ:
«Դրօշակ»ի նոր թիւը կը սկսի Կարօ Արմէնեանի առաջնորդող յօդուածով: Ազգային եւ կուսակցական անուանի գործիչը ահազանգ կը հնչեցնէ Հայաստանի մէջ աստիճանաբար ուռճացող ներքին բազմաբնոյթ հիմնահարցերու առիթով եւ կ’արծարծէ ապագայի հրամայականները համարժէք կարողականութեամբ դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը:
«Դրօշակ»ի այս թիւին մէջ կարելի է գտնել այլ հրապարակումներ եւս: Հանրային յոյզերու ալեկոծման առիթ տուած Սահմանադրական փոփոխութիւններու իրաւական մանրակրկիտ վերլուծութիւնը ներկայացուած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանի յօդուածով:
«Դրօշակ» կը շարունակէ հրապարակել Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի ուշագրաւ յօդուածաշարքը Հայրենիք-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթին մասին՝ Հայաստանի անկախացման շրջանէն ի վեր: Այս անգամ եւս ընթերցողը կարելիութիւն ունի ծանօթանալու հետաքրքրական վերլուծութեան, որուն առանցքին մէջ կը քննուի Դաշնակցութեան դերակատարութեան հարցը՝ ազգային պետական կեանքին մէջ ծաւալուող գործընթացներուն մէջ:
Հայրենիք-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններու նիւթին նուիրուած է նաեւ Վիգէն Աբրահամեանի յօդուածը:
Ընթերցողին կողմէ սպասուող հաճելի անակնկալ կը համարուին Պոսթընի «Հայրենիք» թերթի 1975 թուականի Նոյեմբերեան թիւէն արտատպուած Մուշեղ Իշխանի մտորումները Դաշնակցութեան ուժի գաղտնիքին շուրջ:
«Դրօշակ» չէ շրջանցած Յուլիս ամսուն տեղի ունեցած Հայոց պատմութեան համար անմոռանալի երկու իրադարձութիւն՝ Խանասորի արշաւանքը եւ Լիզպոնի գործողութիւնը: Պատմութեան լուսարձակի ներքեւ այս անգամ ընդարձակ տեղ յատկացուած է նաեւ Ազգային ազատագրական պայքարի շրջանի պատմութեան մասնագէտ Համլէտ Գէորգեանի յօդուածին: Ցաւօք իր կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած յօդուածին տպագրութիւնը պէտք է դառնար իւրատեսակ յարգանքի տուրք հեղինակին անժամանակ հեռանալուն առիթով:
Պաշտօնաթերթի քաղաքական եւ գաղափարական պատգամներով յագեցած ներկայ թիւը ընթերցողին համար հետաքրքրական է եւ նոր բացայայտումներու կարելիութիւն կ’ընձեռէ:
«Դրօշակ»ի այս թիւը կարելի է ներբեռնել հետեւեալ կապով.
https://www.droshak.am/?p=930