Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ հրապարակեց խորհրդարանին կողմէ ընդունուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները, որոնց ուժի մէջ մտնելէն ետք կը դադրեցուի 12 տարի պաշտօնավարած Սահմանադրական դատարանի անդամի պաշտօնավարումը, իսկ Սահմանադրական դատարանի նախագահը կը շարունակէ պաշտօնավարել իբրեւ պարզ անդամ: Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները ուժի մէջ կը մտնեն անոնց պաշտօնական հրապարակման յաջորդ օրէն:
Ուժի մէջ մտնելէ ետք պիտի դադրեցուի Սահմանադրական դատարանի դատաւորներ Ալվինա Գիւլումեանի, Ֆելիքս Թոխեանի եւ Հրանդ Նազարեանի պաշտօնավարութիւնը, իսկ Սահմանադրական դատարանի այժմու նախագահ Հրայր Թովմասեան կը շարունակէ պաշտօնավարել՝ իբրեւ Սահմանադրական դատարանի անդամ: