Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է Հայաստանի պետական սահման, նաեւ` Ռուսիոյ սահմանապահ զօրքերու ջոկատ: Ան ըսած է, որ պետական սահմանին ծածանող Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դրօշները փոխվստահութեան վրայ հիմնուած բարեկամական եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու խորհրդանիշ են:

Ռուսիոյ սահմանապահները, 30 Սեպտեմբեր 1992-ին ստորագրուած Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջպետական համաձայնագիրի հիման վրայ, կ’իրականացնեն Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանի հսկողութիւնը:

«Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ վարչութիւնը յաջողութեամբ կը լուծէ իր առջեւ դրուած խնդիրները», ըսած է նախագահը:

Նախագահը տիկնոջ հետ այցելած է նաեւ Նոր Շէն (Խարկով) գիւղ, ուրկէ կ’երեւին հայոց հինաւուրց Անի մայրաքաղաքին աւերակները: Անոնք զրուցած են գիւղի միակ բնակիչին` Վահանդուխտ տատիկին հետ: