– Հինգշաբթի, 2 Յուլիս 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հալէպի ուղղափառ եկեղեցիներու համայնքապետներու անդրանիկ ժողովին, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդարանէն ներս:
Ժողովին ներկայ գտնուեցան հայ առաքելական, ասորի ուղղափառ եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, իրենց ընկերակցող հոգեւորականներով:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէր Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան:
Ժողովին արծարծուեցան համայնքները յուզող եկեղեցական եւ ընկերային զանազան հարցեր:
– Հինգշաբթի, 2 Յուլիս 2020-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան եւ Տնօրէնութեան հետ գումարուած ժողովին՝ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդարանէն ներս, ընկերակցութեամբ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի: Ժողովին ներկայ գտնուեցան հայ երեք համայնքապետները:
– Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2020-ին, Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու հայ համայնքի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեան այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին՝ ստանալու սրբազան հօր օրհնութիւնը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնութիւն տալով զօրակցութիւն յայտնեց թեկնածու Ժիրայր Րէիսեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն:
– Երկուշաբթի, 29 Յունիս 2020-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Առաջնորդ Պետրոս Քասիս:
Հանդիպումին արծարծուեցան համայնքները յուզող զանազան հարցեր: Անոնք մտավախութիւն յայտնեցին տնտեսական ներկայ ծանր իրավիճակին եւ պսակաձեւ ժահրի տարածման շուրջ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդը շեշտեցին գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ միասնական ճիգերով յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները:
– Երկուշաբթի, 29 Յունիս 2020-ին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին հիւրընկալութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս հայ երեք համայնքապետներ՝ Մասիս Եպիսկոպոս Զօպուեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան հանդիպում մը ունեցան:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան համայնքները յուզող զանազան հարցեր, ի մասնաւորի տնտեսական ներկայ ծանր իրավիճակը եւ պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու կարեւորութիւնը:
Համայնքապետները շնորհաւորեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Գահակալութեան 25-ամեակը, անոր մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Գերապայծառ Տէրը շնորհաւորեցին նաեւ Վերապատուելի Համայնքապետը, «Աւետախօս» քարոզագիրքի հրատարակութեան ուրախ առիթով:
– Շաբաթ, 27 Յունիս 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հալէպի քրիստոնեայ համայնքապետներու հերթական ժողովին, որ տեղի ունեցաւ հիւրընկալութեամբ՝ Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Առաջնորդական Տեղապահ Մար Մուսա ալ Խասի վարդապետին, Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Առաջնորդարանէն ներս: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէր Կրօնական Ժողովի անդամ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան:
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան համայնքները մտահոգող զանազան հարցեր: Համայնքապետները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին եկեղեցիներուն դռները ժողովուրդին առջեւ վերաբանալուն առիթով, շեշտելով նախազգուշական կանոնները յարգելու անհրաժեշտութիւնը:
– Ուրբաթ, 26 Յունիս 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Հալէպի Լատին Համայնքի Առաջնորդ Հայր Իպրահիմ ալ Սապպաղը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Կրօնական Ժողովի անդամներ Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան:
Հանդիպումին արծարծուեցան քրիստոնէական եկեղեցւոյ դիմաց ծառացած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը խորացնելու անհրաժեշտութեան:
Սրբազան հայրն ու հայր սուրբը հաստատեցին, որ եկեղեցին ծառայութեան ճամբով կը շարունակէ մնալ ժողովուրդի կողքին, բաժնելով անոր ցաւերն ու մտահոգութիւնները:
– Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2020-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան ցաւակցական այցելութիւն տուաւ Հալէպի Մուֆթի դոկտ. Մահմուտ Աքքէմին, իր եղբօր մահուան տխուր առիթով, «Տար ալ Իֆթաա»էն ներս:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընկերակցեցան Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Յարութ Քիլիսլեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան: Հանդիպումին ներկայ էին Սուրիոյ Հանրապետութեան Մուֆթիի Խորհրդական Պասէլ Քաս Նասրալլա եւ Հալէպի Մուֆթիի Խոր-հրդական երկրչ. Անաս ալ Շամի:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան անունով խորազգաց ցաւակցութիւն յայտնեց Հալէպի Մուֆթիին: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու իսլամ-քրիստոնեայ խաղաղ գոյակցութեան կարեւորութեան: Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ դարեր շարունակ հայերը եւ իսլամները եղբայրական յարաբերութիւն մշակած են, յատկապէս Սուրիական Հայրենիքէն ներս: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Հալէպի Մուֆթին կարեւորութեամբ մատնանշեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին միջկրօնական բնագաւառէն ներս տարած հսկայ աշխատանքը: Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը ամփոփ կերպով անդրադարձաւ ծովափնեայ շրջան իր տուած հովուական այցելութեան եւ յառաջիկային Սուրիոյ այլ շրջաններ այցելելու իր ծրագիրին:
Հալէպի Մուֆթին գնահատեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ այս փուլին Թեմակալ Առաջնորդի ծանր պաշտօնը ստանձնելուն համար եւ վեր առաւ Սուրիական Հայրենիքին նկատմամբ հայութեան տածած սէրը եւ հաւատարմութիւնը:
Մասիս Եպիսկոպոս հաստատեց, որ սուրիահայերը ուր ալ գտնուին, Սուրիոյ սահմաններէն ներս թէ դուրս, իրենց հաւատարմութեամբ եւ կեցուածքով նեցուկ եւ պաշտպան կը հանդիսանան Սուրիական ասպնջական Հայրենիքին ու անոր ամբողջականութեան եւ մասնակից կը դառնան վերաշինութեան աշխատանքներուն:
– Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2020-ի առաւօտուն, Հայ Ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս: Հանդիպումին սկիզբը ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Խնամակալութեան ատենապետ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան:
Հայ Ծերանոցի տնօրէնը Առաջնորդ Սրբազան Հօր զեկուցեց Հայ Ծերանոցիներքին եւ արտաքին յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարեցներու խնամքին հետ կապուած աշխատանքներու մասին:
Սրբազան Հայրը իր բարեմաղթութիւնները յայտնելով, Թեմին անունով զօրակցութիւն յայտնեց Հայ Ծերանոցին:
– Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին այցելեց Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքային Գործադիր Մարմինը, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս:
Այցելուները, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին ողջոյնները փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ պաշտօնապէս հրաւիրեցին Վերապատուելիին հեղինակած «Աւետախօս» քարոզագիրքի շնորհանդէսին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այս առիթով իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց Գործադիր Մարմինի անդամներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց շնորհանդէսը կազմակերպող մարմինին:
– Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2020-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին այցելեց Յոյն Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Եուհաննա Ճանպարթը, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս:
Յոյն Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին եւ շնորհաւորեց զինք թեմակալութեան առաջին ամեակին առիթով: