ArmNews-ի հաղորդավար Աբրահամ Գասպարեանի «Երեկոյեան Լուրեր» հեռարձակումով տեղեկացանք, որ ոստիկաններ «անմեղ այցելութիւն» մը տուած են պատկերասփիւռային կայանի իր գրասենեակը: Առիթը, յիշեցման կարգով, եղած է հաղորդավարին ուշադրութեան յանձնել երեւոյթ մը, «քաղաքավար խնդրանք»ի տարազով, որուն համաձայն պէտք է յարգուին թագաժահրի հակահամաճարակային ձեւաչափերը: Կը տեսնէ՞ք, հայերս որքա՜ն լուրջի առած ենք այս փորձանքը, անոր համապատասխան զանազան եզրոյթներով՝ թագավարակ, քորոնավիրուս…, հանրութեան ուշադրութեան յանձնած այս վարակին ահեղութիւնը:
Առարկայական փաստացի տուեալներով, հարցերու անաչառ ներկայացումներով, Աբրահամ Գասպարեան, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս, պարզեց արհեստավարժ մարդու նկարագիր, ու համապատասխան եղանակով՝ հարցերը ընկալելու իր իւրայատուկ սուր տրամաբանութեամբ ու ժամանակագրական տուեալներով, անվիճելի առարկութիւններով, պարզեց այն պատկերը, որ այցելուներու «Գործին» նպատակը, խաղողը ուտել չէր, այլ քաղաքակիրթ եղանակով՝ այգեպանը ծեծել:
Արդ, երբ կը հետեւինք միջազգային լրատուամիջոցներուն, պարտադիր հանգամանք չենք նկատեր փակ սթուտիոներու մէջ, բերան ու քիթ ծածկելով լուր հաղորդելը: Վերջին հաշուով, լսելի ու տեսանելի փոխանցուելիք պատգամը ամբողջական չ’ըլլար, եթէ դիմակ կրես ու քողարկես դէմքիդ արտայայտութիւնները, ձայնային ելեւէջներդ խեղդես:
Դիմակը ինքնութիւն չբացայայտելու միջոց ճանչցուած էր ժամանակին, արտայայտութիւնն ու դիմագիծերը քողարկող միջոց: Այսօր, սակայն, դարձած է մարդկութեան փրկութեան հիմնական տարրը: Ո՜վ զարմանալի:
Արդեօ՞ք ոստիկանութիւնը անտեղեակ էր, որ կայանը այլ մօտեցումներով զօրավիգ է պետական ցուցմունքներուն եւ իր եթերին մէջ շօշափելի ժամեր տրամադրած է պետական արժեչափերով առաջնորդուող ծրագիրներու ու տեսանելի օրինակներով սփռած է այդ տուեալները: Իսկ առանց դիմակի հաղորդում վարելը իբրեւ օրէնքի խախտում ներկայացնելը արժանի է օրինապահներու միջամտութեան: Այս հանգամանքը պատկերասփիւռի նշեալ կայանի դիտողներուն կողմէ հալած իւղի պէս կուլ տրուիլը՝ պարզապէս միամտութիւն պիտի սեպուի:
Հեգնական է մտածել, թէ  կարգ մը գիտնականներ նաե՛ւ ենթադրած են, թէ ուղիղ սփռումով ալ հաւանական է ժահրի փոխանցումը, առ այդ, օրինապահները նախազգուշական որպէս  քայլ, թելադրիչ հանգամանքով, «մտերմիկ այցելութիւն» մը տուած են նշեալ կայանի պատասխանատուներուն:
Անոնք որոնք հասակ առած են մենատիրական երկիրներու մէջ, իմա՝ խորհրդային Հայաստան, նմանօրինակ ոստիկանական գործուղման առաքելութիւնը լաւ կը հասկնան, ու դժուար չէ իրենց համար հասկնալ նամակի մը պարունակութիւնը, սո՛սկ կարդալով վերնագիրը, անոնք «կը մարսեն» ամբողջ պատգամը, առանց խորանալու տողընդմէջ քողարկուած «չարաճճիութեանց» մէջ անգամ:
Աբրահամի եւ օրինապահներու զրոյցին առանցքը հանրային եւ ընկերային հարցերն են: «Այցելուները» ամէ՜ն ինչ «նորմալ ա՜ գնում» գնահատականով եզրափակած են իրենց առաքելութիւնը:
Այս մօտեցումը, պարզապէս հաւկուրութիւն է, չայլամի մօտեցում: Գէթ փակ դռներու ետին կարելի է աւելի՛ սրտբաց զրուցել, հեռու մնալով արջի ծառայութիւն մատուցելէ իշխանաւորին, եւ հեռանալով ինքնախաբէութեան օրինակներով առաջնորդուելու փորձութենէն:
Անձնապէս, ապրած ըլլալով 90-ական թուակններու հայաստանեան իրադարձութիւնները, մտաբերելով ազգային գաղափարախօսութեան առաջադէմ կուսակցութեան մը հանդէպ պարսաւանքներու օրերը, մտաբերեցի տուեալ կուսակցութեան գրասենեակներ օրինապահներու տմարդի «այցելութիւնները», որոնց արդիւնքով ալ Հայրենիքի տարածքին, ազգային հարթակի վրայ յառաջացած անհաճոյ խառնիճաղանճը:
Աժան մարտավարութիւն է ձախաւերութիւններդ ուրիշին վրայ բարդելը՝ չտեսնելով աչքիդ գերանը: Այս իմաստով, հանդէս պիտի չգամ «ուշացած» եւ  «մշակուած» պետական  քաղաքականութեան դէմ՝ կասեցնելու համաճարակի տարածման կարելիութիւնները: Այլ մօտեցումով պսակաժահրի օրակարգը կարելի էր վերածել ազգային միասնութեան եւ երկխօսութեան լաւ առիթի մը, ուշ չէ կը կարծեմ: Այս նիւթին դիմատետրի էջիս վրայ նշմարով մը անդրադարձած եմ եւ հոն արձանագրած գնահատականներս:
Սակայն, այսօրուան Armnews-ի օրինակով ներկայացուած մթնոլորտը այլ բան կը յուշէ: Աբրահամին ուղղուած «նամակը» ընդդիմախօսի դոյզն իսկ ձայնը լսելու հանդուրժողականութեան պակասին արդիւնքն է:
Չեմ ուզեր թաքցնել ատենօք արձանագրած վերապահութիւններս, հանդէպ այն անձնաւորութեան, որ ճարտարօրէն օգտուեցաւ ժողովուրդի արդար ցասումէն, ու ի տես ընկերային արդարութիւն եւ օրինական համակարգ պահանջող քաղաքական ազդեցիկ շրջանակներու նօսր ներկայութեան, ճարտարօրէն կրցաւ կանգնիլ ամբոխի գլխուն ու առաջնորդել «ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ»: Ան վարպետօրէն ձեւաւորուած ծածկում հագուստը (camouflage), իր BACK PACK պայուսակը, վիրաւոր ձեռքի փաթթոցը պատռանքով միմոսեց Չե Կիվարայի հայկական նոր կերպարով մը, ու յաջողեցաւ համախմբել ժողովրդային հոծ բազմութիւնը, որ ծարաւ էր անարիւն իշխանափոփոխութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ամրակայման:
Այսպէս, հայ ժողովուրդը, իր մեծամասնութեամբ, անվարանօրէն միացաւ շարժումին, յիշեցնելով որ անսակարկելի պահանջք է, որ գոյաւորուելիք նոր իշխանութիւնը հեռու պահէ տզրուկ իւրայինները եւ թալանչիները քաղաքական-տնտեսական ազդեցութեան գօտիներէն, ու միա՛յն արժանաւորը եւ անբիծ քաղաքացին՝ տէրը ըլլայ երկրի օրէնքի տնօրինման օղակներուն:
Այս ամէն տեսանելի արկղերը հասան այն տեղը, ուր յոգնած քաղաքացին, կեղեքիչներու ու հարստահարողներու փաղանքէն ազատելու ճաճանչող առիթ մը տեսաւ այս տարերային շարժումին մէջ «ԴՈՒԽՈՎ» աղաղակեց՝ տատիկներով, մամիկներով, զաւակներով, թոռներով ու ծոռներով միանալով հարիւր հազարնոց հանրահաւաքներուն: Արդարօրէն, հայ ժողովուրդը յոյսի ճրագ մը տեսնելով փայլփլող լօզունքներուն մէջ, քայլ մը առաջ  ուղղուելով իր սայլը կապեց ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ, պարուրելով կառքը ԹԱՒԻՇով ու Նոր Հայաստանի սպասումներով:
Քաղաքակիրթ Հայաստանի կերտման ի խնդիր, այսուհետեւ, ոստիկանական «բարի կամեցողական այցելութիւնները» պէտք է անհետանան քաղաքացիի կեանքէն: ՕՎԻՐԸ պէտք է մնայ խորհրդային պատմութեան մութ էջերուն մէջ միա՛յն: Փոխարէնը՝ պէտք է համատարած տեսնել առողջ քննադատութիւնը, մամուլի ազատութիւնը, քաղաքացիի անկաշկանդ կողմնորոշումը, որոնք դեղատոմսեր են գոյաւորուած առողջ հասարակութեան աճին եւ քաղաքական ազնիւ մրցակցութեան ամրակայման:
Հետեւաբար, ի տես այս բոլորին, այսուհետեւ օրինապահները զգուշաւորութեամբ պէտք է մտնեն ARMNEWES-ներու հարթակ, որովհետեւ բարեհաճ ու նրբիկ արտայայտութիւնները Աբրահամներու, պէտք չէ շահարկել որպէս անկարողականութիւն կամ բացատրել մեղկութեամբ: Այդ կարծեցեալ մեղկութեան տակ անթեղուած է Մհերի ըմբոստ ոգին, որ իր պարանոցը չի խոնարհեցներ եւ ազատութեան ու արդարութեան ձեռքբերման սիրոյն կը մաքառի մինչեւ շունչը վերջին։
Իշխանաւորները նախազգուշական կրակոցներու լեզուով չկրցան լռեցնել ընդդիմախօս նման կայաններու ձայները: Աբրահամները, իրենց հետեւողական արհեստավարժ ելոյթներով, խորթ զաւակները չեն իրականացած եղափոխական մթնոլորտներուն: Սա կը հաստատուի իրենց սաստումով, թէ որքա՜ն  սեղմէք պարանոցին օղակը՝ քաղաքացիին անկաշկանդ արտայայտուելու ցանկութիւնը, տարբերութիւն պիտի չընէ հայրենապաշտ մարդուն համար, որովհետեւ նման քաղաքացիին համար, նոյնիսկ կախաղանը պիտի վերածուէր այն օրօրոցին, ուր պիտի ծնէր արդարութեան երկունքով տարուբերող հայ քաղաքացին։
Մե՛ղք է: Պէ՛տք է խնայել ընտիր թաւիշը, որպէսզի ան չթաթխուի արատաւոր ժահրերու։
Աբրահամները հայրենիքի սիրոյ չափը ամփոխավարական եւ զգացական խանդավառութեամբ չեն ընկալեր։ Այդ նուիրական տենչը արմատացած է իրենց էութեան մէջ:
Աբրահամները խիզախ, անկոտրում կամքի ու իմաստալից խօսքի դպրութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն են: Իրենց մահկանացու անձերուն ընդմէջէն, իրենց առօրեայ կենցաղով ու պահուածքով, բոլորիս համար այնքա՜ն ուսանելի երեւոյթներ են, որոնց կ’արժէ պահեր տրամադրել ու խոկալ: Անոնք մէկ յստակ պատգամով կը շեշտեն, որ հայրենասիրութիւնը միա՛յն լոզունք չէ, այլ ապրում է ու հաւատք:

Այո, մե՛նք ալ կ’երկրորդենք վարչապետին այսօրուան այն հաստատումը, որ՝ «Քաղաքացիների վարքի փոփոխութեամբ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել այս ճգնաժամը»: Բայց կ’աւելցնենք, որ հակահամաճարակային կանոններու խախտումները պէտք է որոնել աբրահամներու դէմքերու ծածկոյթներէն անդին։
Այսօր աբրահամները «ի գիտութիւն» ընդունեցին ոստիկանական ազդը, բայց այս ոճը պէտք չէ քաղաքական բռնազբօսիկ վարակով թաթխուած որպէս շիճուկ ներարկել հանրային-հասարակական կեանքին մէջ եւ այդ հանգամանքը ընդունիլ որպէս բուժիչ դեղատոմս։
Գերազգասիրութեամբ սնանած Աբրահամներու տեսակը մի՛ բարկացնէք։
«Դուխով»։
Ժան Հալլաճեան