«Ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ’ըլլայ նաեւ ձեր հոգին»
 (Մտ 6.21) հիմնուած
Հինէն ի վեր դարձած է պատճառ մեղքի։ Կ’առաջնորդէ մեզ գողութեան,  նմանասպանութեան, անձնասպանութեան, ատելութեան եւ պէս-պէս մոլութեանց գործառութեան։ Սկիզբէն մինչեւ այսօր մարդոց բացարձակ մտահոգութեան պատճառը եղած է։ Բայց հակառակ այս բոլորին ունի իր դրական ներդրումը մեր կեանքէն ներս, եւ առանց անոր ոչ մէկ նիւթական փոփոխութիւն կը կատարուի։ Դարձած է ստեղծիչ նիւթական աշխարհին, իսկ քանդիչ՝ հոգեկանին։ Վստահաբար այս կարճ ներածականէն ետք յստակ եղաւ, որ մեր նիւթը դրամն է։
Ի զուր տեղ չէ որ Քրիստոս իր առաքելութեան ընթացքին յայտարարեց. «Ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ’ըլլայ նաեւ ձեր հոգին»(Մտ 6.21)։ Դրամը ներկայիս դարձած է տէրն ու տիրականը այս աշխարհին, մարդուն կողմէ ստեղծուած, բայց մարդուն վրայ իշխող այս փուճ, կլոր մետաղը, աշխարհը մեզմով միասին  կը կառավարէ։ Առինքնող տեսքով եւ ոսկեայ փայլքով ունայն կլորը մեզ կը կլորցնէ եւ մեր միտքը Աստուածային կածանէն կը հեռացնէ՝ այսինքն ուղիղ ուղիէն կը տանի մեզ դէպի դարձդարձիկ ուղի։ Ոչինչ կրնանք գործել այս աշխարհին մէջ առանց դրամի, բայց այդ չէ հարցը։ Ինչպէ՞ս գործածել մեր ունեցած դրամը. Այս է հիմնական հարցը։ Աշխատիլ, դրամ դիզել եւ ապա անիմաստ ժամանակաւոր հաճոյքներուն համար ծախսե՞լ զայն, թէ՞ աշխատիլ եւ դիզուած դրամով մարդկային ընկերութեան եւ հոգեկան աճումի համար օգտագործել զայն։ Հրէաները մինչեւ այսօր իրենց եկամուտներուն տասանորդը կը պահեն տաճարին եւ մաս մըն ալ՝ ողորմութիւն ընելու։ Հարուստ ըլլալը դիւրին է։ Հարուստ ըլլալու կերպերը շատ են, բայց այդ չէ հարցը, ի՞նչ կ’արժէ աշխարհի մէջ հարուստ ըլլալ, բայց ունենալ ամենաստորին նկարագիրն ու մարդկային վսեմ արժանիքներէ դատարկ ապրիլ։ Ի՞նչ կ’արժէ հարուստ ըլլալ, երբ մենք ունինք հոգիի կորուստ ու յաւիտենական տանջանք։ Ի՞նչ կ’արժէ հարուստ ըլլալ, երբ դժուար պիտի ըլլայ մեզի արքայութիւն մուտքը։ Ոչինչ կ’արժեմ ես ունեցած դրամովս Աստուծոյ շնորհքին, օրէնքներուն ու բարոյական արժէքներուն դիմաց, Քրիստոս իսկ սըրտցաւ կերպով կը յայտնէ թէ. «…Շատ դժուար է հարուստին արքայութիւն մտնելը, քան պարանին՝ ասեղին ծայրը»։ Բայց պէտք չէ մոռնանք այն հարուստները, որոնք մշտական կերպով կ’աղօթեն Աստուծոյ առանց կեղծաւորութեան, ողորմութիւն կը գործեն, բարերարութիւն կ’ընեն ամէն տեղ։
Դրամը դրական իմաստով կարելի է օգտագործել երկրի շինութեան, բարգաւաճութեան համար, ի մասնաւորի ողորմութեան համար։ Ողորմութիւնը կը հանդիսանայ հարուստներուն փրկութիւնը: Ողորմութեամբ անոնք կ’օգնեն աղքատ խաւին եւ անոնց կը մատակարարեն ապրուստի հանգիստ եւ առողջ պայմաններ։ Հիմնական բոլոր կրօնքներուն բարոյական եւ մարդկային արժէքներուն մաս կազմած է ողորմութիւնը։ Անոնց համաձայն փրկութեան արժանանալու համար անհրաժեշտ է ողորմութիւն գործելը։ Դրամը պէտք է գործածուի մարդկային բարոյական արժէքներու վրայ հիմնուելով։ Դրամը երբ օգտագործումի համար ստեղծուեցաւ, ստեղծողին նպատակն էր օգտագործել զայն մարդկային պէտքերու ապահովման համար, ոչ թէ՝ գռեհիկ գործերու։
Նոր Կտակարանին մէջ կը կարդանք. «Հոգի է Աստուած, եւ անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զայն պաշտեն…» (Յհ 4.24), բայց ներկայիս մեր աստուածը դրամը դարձած է եւ անոր կ’երկրպագենք ոչ միայն մեր մարմինով ու մտքով, այլեւ հոգիով, կու տանք մեր կեանքն իսկ, անոր համար կը զոհենք մեր նմանները, եղբայրներն ու քոյրերը եւ նոյնիսկ մեր զաւակները։ Հոգի Աստուածը մոռնալով կը պաշտենք դրամ աստուածը՝ անոր հոգիով ու մարմնով երկրպագութիւն ընելով։
Անշուշտ պէտք չէ մոռնանք մեր հաւատացեալ եղբայրները, որոնք իրապէս Սուրբ Երրորդութեան հաւատալով կառչած են եկեղեցւոյ օրէնքներուն, կառչած են Աստուծոյ խօսքին եւ կ’երկրպագեն Հոգի Աս-տուածը, հոգւով անոր օրհներգելով եւ փառաբանելով Անոր Սուրբ Անունը։
Ուստի դրամը օգտագործելու մասին մտածելով ջանանք մեր սխալները սրբագրել եւ ձերբազատելով դրամապաշտութենէն դառնանք Աս-տուածապաշտ հաւատացեալներ, որոնց միջոցաւ մարդիկ ապաշխարութեան պիտի առաջնորդուին Աստուծոյ եւ Սուրբ Երրորդութեան փառք տալու համար։
Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեան