«Ասպարէզ».- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Քոլորատոյի նահանգապետ Ճերըտ Փոլիս ստորագրեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ ցեղասպանութիւններու մասին նիւթեր հանրային վարժարաններու մէջ դասաւանդել պահանջող բանաձեւը, օրէնքի ուժ տալով անոր։

Այս տարուան Մարտին ներկայացուած բանաձեւը 5 Յունիսին հաստատուած էր նահանգային խորհրդարանին կողմէ, իսկ 10 Յունիսին՝ նահանգային Ծերակոյտին կողմէ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետին եւ նահանգին օրէնսդիր մարմինին՝ Քոլորատոյի հանրային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դասաւանդելը կարելի դարձնող այս քայլը կարեւոր իրագործում մը նկատելով նահանգին հայութեան համար։
8 Յուլիսին տեղի ունեցած ստորագրութեան արարողութեան ընթացքին խօսք առնողներուն մէջ էր նաեւ Քոլորատոյի Հայեր կազմակերպութենէն Սոնա Հետեշեան, իսկ նահանգապետը իր խօսքին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բանաձեւին հաստատման ջանքերուն մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին, Քոլորատոյի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Քոլորատոյի Հայ Դատի Յանձնախումբէն Սիմոն Մաղաքեանին։
Նշենք, որ ներկայիս Քոլորատոյի կողքին, Միացեալ Նահանգներու 12 այլ նահանգներու հանրային վարժարաններուն մէջ եւս Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդում կը պահանջուի: