ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի Յատկացումներու յանձնաժողովը առաջին քայլը առած է Արցախի ականազերծման ծրագիրի տնտեսական օժանդակութիւն ապահովելու առնչութեամբ:

ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ անուղղակիօրէն կոչ ուղղելով Արցախի մէջ կատարուող մարդասիրական ծրագիրի տնտեսական օժանդակութիւնը ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէն ` 2021թ. տնտեսական տարուան Արտասահմանեան օգնութեան օրինագիծով յանձնաժողովը ընդունած է օրէնսդրական հաշուետուութիւնը շարունակել:
«Կ’ողջունենք այս հաշուետուութիւնը որպէս ճիշդ քայլ: Այնուամենայնիւ, նկատի առնելով այս վարչակազմի բազմակողմանի յարձակումը Արցախի ականազերծման ծրագիրին նկատմամբ` պարզ է, որ Քոնկրէսը պէտք է աւելին ընէ` ապահովելու համար ԱՄՆ-ի աջակցութիւնն այս ծրագիրը», ըսած է ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Յատկացումներու յանձնաժողովը 2021թ. տնտեսական տարուան Արտասահմանեան օգնութեան օրինագիծը ու անոր կից հաշուետուութիւնը ընդունած է 29 կողմ, 21 դէմ ձայնով: Նախատեսուած է, որ ան շուտով պիտի ներկայացուի Ներկայացուցիչներու պալատի քուէարկութեան:
Ծերակուտականի Յատկացումներու յանձնաժողովը Արտասահմանեան օգնութեան օրինագիծի իր տարբերակը պիտի դիտարկէ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին: Ներկայիս նախաձեռնութիւնը Հայաստանին կամ Ատրպէյճանին անմիջականօրէն յատկացուող օգնութեան ծաւալը չէ յստակացուցած ` առիթ տալով Պետական քարտուղարութեան տնտեսական օժանդակութեան չափն ու իրականացուելիք ծրագիրները որոշելու: