ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան, Facebook-ի իր էջին միջոցով կը յայտնէ, որ 13 Յուլիսին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Հայկական Անվտանգութեան Պայմանգիրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Ստանիսլաւ Զասի հետ:
«Նախարար Մնացականեան ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին մանրամասն տեղեկատուութիւն տրամադրած է 12 Յուլիսին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ ՀՀ Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ հրետանիի կիրառումով հրադադարի խախտումներուն, 13 Յուլիսի առաւօտեան այդ գործողութիւններու վերսկսման, ինչպէս նաեւ իրադրութեան հետագայ սրումին հետեւանքներուն մասին:
ԱԳ նախարար Մնացականեան ընդգծած է ՀԱՊԿ անդամ երկրի նկատմամբ նման գործողութիւններու անընդունելիութիւնը:
Կը պահպանուի մշտական կապը ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին հետ եւ ՀԱՊԿ ծիրէն ներս աշխատանքները կը շարունակուին»: