“Անթիլիաս”._Այսօր երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատեց Արցախի Հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Նորին Սրբութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնելէ ետք ստեղծուած կացութեան, իր հայրական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը փոխանցեց հայոց բանակին: