ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը խստօրէն կը դատապարտէ ատրպէյճանական զինուած ուժերու` 12 Յուլիսէն ի վեր նախաձեռնած եւ տակաւին շարունակուող ռազմական սադրանքը, ներթափանցման փորձերը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզին մէջ ծանր հրետանիի գործադրումը: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն իրավիճակը սրելու եւ զինադադարը խախտելու իրենց յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը` հակառակ համաճարակին եւ անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի` 90 օրով համընդհանուր զինադադար հաստատելու մասին ընդունած որոշման:
Այս տարուան Մայիսին Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մօտ լայնածաւալ ռազմափորձերէն, Բերքաբեր գիւղի հրետակոծութենէն ետք, Ազրպէյճանը այժմ ալ կը խախտէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը` օգտուելով պսակաձեւ ժահրին պատճառով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն: Դատապարտելի է նաեւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութիւնը, ուր Թուրքիա, փաստերը խեղաթիւրելով, հրապարակայնօրէն իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ատրպէյճանական բանակի սադրիչ գործողութիւններուն: Թրքական եւ ատրպէյճանական իշխանութիւնները երկար տարիներէ ի վեր կը համագործակցին` Հայաստանը աշխարհաքաղաքականօրէն եւ տնտեսապէս մեկուսացնելու համար: Ցաւօք, թրքական իշխանութիւնները ո՛չ միայն կը շարունակեն ժխտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կը հրաժարին անցեալէն դասեր քաղելէ, այլ նաեւ աշխուժօրէն կը քաջալերեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ֆիզիքական անվտանգութեան սպառնացող ռազմական յարձակողապաշտութիւնը:
Իբրեւ եւրոպական հասարակական կազմակերպութիւն` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական Միութեան, անոր հաստատութիւններուն եւ անդամ երկիրներուն խստօրէն դատապարտելու ատելութեան խօսքի տարածման եւ արցախեան տագնապին ռազմական լուծում պարտադրելու որեւէ փորձ: Անցեալ ամիսներուն ընթացքին ատրպէյճանական իշխանութիւնները եւ լրատուամիջոցները շարունակաբար կ՛աղաւաղէին եւ կը շահարկէին Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերու բովանդակութիւնը` այդպիսով փորձելով հող նախապատրաստել ռազմական յարձակումի համար: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմիցս յայտարարած է արցախեան տագնապի զինուորական լուծման կարելիութեան մասին: Հայատեացութեան քաջալերումը արդէն տասնամեակներ շարունակ Ազրպէյճանի մէջ պետական քաղաքականութիւն եւ երկրի ներքին խնդիրներէն շեղելու միջոց է:
Մեկնաբանելով իրավիճակը` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Ինչպէս ամբողջ աշխարհը, նոյնպէս Հայաստանը կը պայքարի համավարակին դէմ: Բացի ատկէ, այժմ ստիպուած է նաեւ կասեցնել ատրպէյճանական զինուորական յարձակումը: Ցաւօք, այսօր Ատրպէյճան սպառնալիք է շրջանային անվտանգութեան համար: Եթէ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ իր դրացնութեան երկիրներուն մէջ խաղաղարարի դեր կատարել, ապա պէտք է ատելութեան խօսքի դէմ յստակ միջոցներու ձեռնարկէ, այն է` յստակօրէն նշէ, որ Ատրպէյճանն է յարձակողը: Եւրոպական Միութիւնը պէտք է նաեւ Թուրքիան ենթարկէ պատժամիջոցներու` այլատեացութեան քարոզի եւ Հայաստանի` ինքնիշխան պետութիւն եւ Եւրոպական Միութիւն գործընկեր երկրի դէմ զինուորական յարձակումներուն սատարելուն համար»:

ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ