Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանեց Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Բերդ քաղաքի ռմբակոծումը:

«Ազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր յարձակողապաշտ գործողութիւնները հայ-ազրպէյճանական սահմանին` դիտաւորեալ թիրախաւորելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն ու բնակչութիւնը եւ ընդլայնելով լարուածութեան աշխարհագրութիւնը: Այսօր հարուածային անօդաչու թռչող սարքի միջոցով հրետանակոծման ենթարկուած են Բերդ քաղաքի քաղաքացիական ենթակառոյցները», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Ա. Նաղդալեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ կատարուած այս յարձակողապաշտ գործողութիւնները պիտի ստանան իրենց համարժէք պատասխանը, իսկ տեղի ունեցածին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ ազրպէյճանական կողմը: