Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ վերջին տարիներուն Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի վրայ յարձակումներէն ետք, ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատը մտադիր է քննարկել շարք մը փոփոխութիւններ, որոնցմէ մէկը կը նախատեսէ արգիլել Ատրպէյճանին պաշտպանական սպառազինութիւններու մատակարարումը:

«Այս առնչութեամբ Ատրպէյճան միջսահմանային յարձակումները կը մեծցնէ, այս փոփոխութիւնները Քոնկրէսին Ալիեւին արարքը զսպելու առիթ կու տան», ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախմբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
«Երկուշաբթի տեղի պիտի ունենայ այդ փոփոխութիւններուն մասին քուէարկութիւն, ուստի մենք կը խնդրենք մեր ընկերներէն ու կողմնակիցներէն դիմել իրենց ամերիկացի օրէնսդիրներուն` խնդրելով կողմ քուէարկել քոնկրէսականններ Պրէտ Շերմանի եւ Ֆրենք Փալոունի կողմէն առաջարկուած այդ փոփոխութիւններուն», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ 2021 թուականին պետական պաշտպանութեան մասին օրէնքի այս փոփոխութիւններուն մէջ յիշուած է. «Ոչ մէկ միջոց, որ նախատեսուած է այս օրինագիծով, կրնայ օգտագործուիլ Ատրպէյճանի պաշտպանական սարքեր կամ ծառայութիւններ յատկացնելու համար»:
Յիշուած է, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մշտապէս սպառնացած է հարուածել որեւէ քաղաքացիական օդանաւ, որ Ստեփանակերտ կամ Ստեփանակերտէն թռիչք կ՚առնէ:
Փոփոխութիւններու մասին քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 20 Յուլիսին։