«Հորիզոն».-14 Յուլիսին, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յատուկ նամակ մը մը յղեց Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին` արտայայտելով քանատահայ համայնքի խոր մտահոգութիւնը՝ ի տես Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը խախտելու եւ ռազմական ներթափանցումի փորձ կատարելու ատրպէյճանական զինեալ ուժերու յարձակապաշտ գործողութիւններուն, յատկապէս շեշտելով, որ ատրպէյճանական հրետանիին թիրախ կը դառնան հայկական բնակավայրերն ու խաղաղ բնակչութիւնը։
Հայ Դատի Յանձնախումբը կը յայտնէ նաեւ, որ ռազմական կացութեան սրման ընթացքը տարածաշրջանին մէջ նոր պատերազմի մը հաւանականութիւնը կը բարձրացնէ, որուն կրնան զոհ երթալ անմեղ քաղաքացիներ: Ռազմական այս գործողութիւնները սկսան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութենէն ետք, երբ ան յայտարարեց, թէ միջազգային միջնորդական ջանքերը և Հայաստանի հետ բանակցային գործընթացը «անիմաստ» է: Հակառակ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ հնչած հրադադարի պահպանման միջազգային կոչերուն, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն նախայարձակ գործողութիւններու դիմելու գործընթացքը՝ սպառնալով պատերազմի վերսկսման և խախտելով միջազգային ընդունուած օրէնքները:
Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է և պէտք է հաստատօրէն դատապարտումի արժանանայ Քանատայի և միջազգային հանրութեան կողմէ: Աւելին, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, ուր Անգարա անվերապահ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ատրպէյճանական բանակի ապօրինի զինուորական գործողութիւններուն՝ պէտք է համապատասխան դատապարտումի արժանանայ:
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը նամակը կ’եզրափակէ նախարար Շամփայնին յանձնարարելով դատապարտել Պաքուի նախայարձակ գործողութիւնները եւ շարունակել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը անխախտ պահելու Քանատայի քաղաքականութիւնը: Յանձնախումբը քանատացի նախարարին կոչ կ՚ուղղէ կարճ ժամանակամիջոցին Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ հեռակապային հանդիպման, քննարկման բովէ անցընելու շարք մը հրատապ հարցեր։
Աւելցնենք, որ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նամակէն օրինակներ յղուած են Քանատայի խորհրդարանի բազմաթիւ անդամներու։ Յանձնախումբը ,միաժամանակ, հետեւողանանօրէն հաղորդակցութեան մէջ է Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան գերատեսչութեան գրասենեակին հետ։