«Արմէնփրէս».- Հայաստանի նկատմամբ Ատրպէյճանի արարքը դատապարտող աշխարհի տարբեր պետութիւններու խորհրդարանականներու նախաձեռնած արշաւին միացած է նաեւ Սպանիոյ խորհրդարանի ազգութեամբ պասկ պատգամաւոր Ճոն Ինարիթունը:
«Մինչ աշխարհը երկխօսութեան ու բանակցութիւններու կոչ կ’ուղղէ, Ատրպէյճան Հայաստանին վրայ յարձակիլ կը նախընտրէ: Բաւական են բռնութիւնն ու սադրանքները», գրած է Ինարիթուն «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ: