Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան եւ արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան երէկ, «ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրառումով մը տեղեկացուց, որ Ատրպէճանի բանակին պատկանող գերարդիական «Elbit Hermes 900» անօդաչու թռչող սարքը վար առնուած է «OCA» զենիթահրթիռային համարկարգի հմուտ գործածութեամբ:

«Տաղանդաւոր հայ ճարտարագէտներու արդիականացուցած եւ ՀՀ Զինեալ Ուժերու արհեստավարժ հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերի կողմից հմտօրէն կիրառուած OCA զենիթահրթիռային համակարգը այսօր խոցել է գերժամանակակից «Elbit Hermes 900» անօդաչու թռչող սարքը», գրած է Արշակեան։