Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահին որոշումով Կոստանդնուպոլսի Սուրբ Սոֆիա տաճարը (որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած է որպէս թանգարան) մզկիթի վերածելու քայլը ցոյց կուտայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն իսկական էութիւնը։ Հակառակ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն՝ թրքական իշխանութիւնը մէկ կողմէն կ՚անտեսէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները, միւս կողմէն պետական մակարդակով ցոյց կու տայ քաղաքակրթութիւնները արհեստականօրէն իրարու հակադրելու իր խիստ վտանգաւոր գործելաոճը։

Այս առումով դատապարտելով թրքական իշխանութեան այդ քայլը, զայն կը դիտենք ոչ միայն յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ իրաւունքներուն դէմ առնուած քայլ, այլեւ այնպիսի քայլ, որ ոտնակոխ կը դարձնէ Թուրքիոյ փաստացի սահմաններէն ներս բնակող ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն իրաւունքներն ու ազգային-հոգևոր զգացումները։

Պատահական չէ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան օրէն իշխանութիւնները շարունակած են ու կը շարունակեն իրենց հակահայ վանտալիստական քաղաքականութիւնը, որուն վկայութիւնն է նաև Թուրքիոյ այսօրուան փաստացի սահմաններէն ներս, յատկապէս հայկական բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ գտնուող մշակութային ժառանգութեան քանդումը կամ ձևախեղումը։ Իսկ բացառիկ պարագայի, երբ Թուրքիան կը վերանորոգէ հայկական յուշարձան՝ միջնադարեան ճարտարապետութեան հոյակերտ կոթողներէն Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, զայն կը վերածէ թանգարանի և կ՚արգիլէ այնտեղ եկեղեցական արարողութիւններու իրականացումը։

Յատկանշական է, որ Այա Սոֆիայի տաճարն ալ 75 տարի ունէր թանգարանի կարգավիճակ, սակայն զուտ քաղաքական որոշմամբ ստացաւ մզկիթի կարգավիճակ։ Այս պարագային, Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին որևէ կերպ ապահովագրուած չէ նման ճակատագրէ։

Աւելին, Թուրքիան այլամերժ քաղաքականութեան զուգահեռ, կը շարունակէ իր առաւելապաշտական նկրտումները, զորս վերջին շրջանին կը դրսեւորէ դրացի պետութիւններու տարածքներուն վրայ թրքական ապակայունացնող գործօնի աճով։

Թրքական ապակառուցողական քաղաքականութիւնը, որ լրջօրէն կը սպառնայ տարածաշրջանային կայունութեան, յատկապէս կը դրսեւորուի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ, որուն վկայութիւնը պարբերական բնոյթ կրող՝ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հաղորդագրութիւններն են՝ շաղախուած հակահայաստան և հակահայ մօտեցումներով։ Իր այլատեաց քաղաքականութենէն ու քայլերէն միջազգային համայնքի ուշադրութիւնը շեղելու համար, Թուրքիա կը մեղադրէ Հայաստանը ու միջամուխ կ՚ըլլայ իրեն չվերաբերող այնպիսի հարցի մը, ինչպիսին ղարաբաղեան հակամարտութիւնն է՝ խրախուսելով ատրպէյճանական զինուած ուժերու ակրեսիան ՀՀ պետական սահմանի ուղղութեամբ։ Այս առումով կ՚ընդգծենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման առաջին օրէն անոր նկատմամբ թշնամական դիրքորոշում որդեգրած Թուրքիան իրաւունք չունի «բարի վարուց» քարոզներ տալու Հայաստանին։

Առաւել, Թուրքիոյ խրախուսած ռազմական գործողութիւններու իրականացումը Ատրպէյճանի կողմէ, հաստատապէս կ՚ապակայունացնէ տարածաշրջանը և անկախատեսելի հետևանքներ կրնայ ունենալ անկախ անկէ։

Միջազգային հանրութիւնը թէև բացասական համարեց Սուրբ Սոֆիայի կարգավիճակը փոխելու Թուրքիոյ քայլը, սակայն մեկնելով աշխարհաքաղաքական հաշուարկներէն՝ լուրջ, իսկապէս Թուրքիան զսպող քայլերու չդիմեց՝ քրիստոնէական արժեհամակարգին մէջ առանձնակի կարևորութիւն և խորհուրդ ունեցող յուշարձանի կարգավիճակին խեղումը կանխելու համար։

ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդը, համագործակցաբար աշխարհասփիւռ իր ցանցին և համախոհ գործընկերներուն, կը շարունակէ ուշադրութեամբ հետեւիլ Թուրքիոյ նախագահին հակահայ ու այլատեաց քաղաքականութեան և անոր դէմ դնելու համար յստակ քայլերու կը դիմէ։

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
15 Յուլիս 2020