14 Յուլիս 2020-ին Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կապ հաստատելով Անգլիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հետ մտահոգութիւն յայտնած է ատրպէյճանական զինեալ ուժերու սադրիչ գործողութիւններուն մասին, որոնք ծանր սպառազինութենէ հրաձգութեամբ եւ անօդաչու սարքերու կիրառումով իրականացած են:

Յարձակումը կատարուած է Տաւուշի մարզի Մովսէս համայնքին ուղղութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան շրջանը: Այս շրջանը մաս չի կազմեր Արցախի «Հակամարտութեան» գօտիին եւ վիճելի տարածք չէ երկու պետութիւններուն միջեւ:
Հակառակ համաշխարհային համավարակի տարածման պայմաններուն տակ հակամարտութիւններու դադրեցման մասին ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի ուղղած կոչին, ծրագրուած այս յարձակումը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային ճանչցուած սահմաններու սկզբունքին հարուած է:
Հայ Դատի Յանձնախումբը Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն անմիջապէս ստացած է պատասխանը, որ խորապէս մտահոգութիւն յայտնուած է հայ-ատրպէյճական սահմանին զինադադարի խախտումին համար:
Ձեր ուշադրութեանն կը յանձնենք Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութիւնը.
«Միացեալ Թագաւորութիւնը խորապէս մտահոգ է վերջին շրջանին հայ-ատրպէյճանական միջպետական սահմանին տեղի ունեցած զինադադարի խախտումով եւ խորապէս կը ցաւի մարդկային կորուստներուն համար: Կողմերուն կը դիմենք կոչով յարգելու հրադադարը` վերադառնալով երկխօսութեան, փորձելով լիցքաթափել ստեղծուած կացութիւնը եւ խուսափիլ յաւելեալ կորուստներէ:
Կողմերը կը յորդորենք ըլլալ զուսպ, խուսափիլ հռետորաբանութենէն, որ կրնայ յաւելեալ լարուածութեան պատճառ դառնալ:
Մենք կը վերահաստատենք մեր զօրակցութիւնը Մինսքի խումբի համանախագահներու շրջանակներուն մէջ տարուող աշխատանքներուն` բանակցութիւններու ճամփով հասնելու համար Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ լուծման:
Շարունակուող բախումները կը վտանգեն տարածաշրջանի կայունութիւնն ու բարօրութիւնը եւ, այդ իմաստով, անխուսափելի կը դարձնեն պաշտօնական բանակցութիւններու անյապաղ վերսկսումը»: