Ընդդէմ Ատրպէյճանին Հայաստանը սատարել` կը նշանակէ սատարել ապրելու իրաւունքը.

Մենք` խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները ներկայացնող ֆրանսացի խորհրդարանականներս, մեր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերսկսած թշնամական գործողութիւններու առնչութեամբ: Երկու երկիրներու հիւսիսային սահմաններուն 13 Յուլիսէն սկսեալ փոխադարձ հրետակոծութիւնները մէկ տասնակ մահերու յանգած են, որ չափազանց շատ է:

Սոսկ դատապարտել այս բախումները` առանց մեղադրելու անոնց պատասխանատուները, կը նշանակէ ոչինչ ըսել:

Մենք բոլորս գիտենք, որ բախումներու վերսկսումը ուղղակիօրէն հետեւանք է Ատրպէյճանի բռնակալ Իլհամ Ալիեւի վարուող լարուածութեան սրման ռազմավարութեան:
Պատերազմը յարմար սողանցք, խուսափելու միջոց է անոր համար, որ կը փափաքի շեղիլ իր ժողովուրդի ուշադրութիւնը ստորացումներէն, որոնք ինքը պարտադրած է․ հիմնարար ազատութիւններու զրկում, կաշառակերութիւն, հովանաւորչութիւն եւ թալան:
Տարիներ ի վեր, բացայայտօրէն առաջ մղելով հայատեաց դաստիարակութիւնը, ներկայիս, Ատրպէյճանի նախագահի համար շատ յարմար է ուղղորդելու իր ժողովուրդի հիասթափութիւնները` ահագնացած նաեւ նաւթի գնանկումով, դէպի ժառանգական թշնամի նշանակուած հարեւան ժողովուրդը:
Այս առումով, իրավիճակը աւելի բարդացած է թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, երբ Հայաստան իր տնտեսական յառաջընթացին համար հիմնուած է իրաւական պետութեան ամրապնդման եւ բարձր ճարտարագիտական զարգացման վրայ, մինչդեռ Ատրպէյճանը իր ուժանիւթի աղբիւրները կը մսխէ՝ վտանգելով անոր ուժանիւթային ապագան: Աւելին, ուղղակիօրէն Հայաստանի տարածքը թիրախաւորող այս նոր ատրպէյճանական շարժումը ցոյց կու տայ, որ Լեռնային Ղարաբաղը սոսկ պատճառ է ատրպէյճանական վարչակարգին համար: Հայաստանը ներակայացնելով որպէս «արեւմտեան Ադրբեջան»` Ատրպէյճանի բուն նպատակը տարածաշրջանի մէջ հայկական ներկայութեան ի սպառ վերացումն է, այսպիսով ձգտելով աւարտին հասցնելու աւելի քան մէկդարեայ Ցեղասպանութիւնը:
Այս առումով, մենք խստօրէն կը դատապարտենք ատրպէյճանական ռազմատենչ ձեռնարկումները Թուրքիոյ ցուցաբերած յանցաւոր աջակցութիւնը: Անընդունելի է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ երկիրը, որ կոչուած է նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային համերաշխութեան հաստատման, ընդհակառակը, աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը` իւղ լեցնելով կրակին վրայ: Ինչպես Ալիեւի, այնպէս ալ Էրտողանի քայլերը, նպատակ ունենալով կանխելու արտաքին ռազմական աւանտիւրաներու հետեւանքով ժողովրդականութեան անկումը, կ’ապակայունացնեն ողջ տարածաշրջանը:
Կիպրոսի եւ Սուրիոյ հիւսիսի ռազմական գործողութիւններէն, Լիպիոյ մէջ կոպիտ միջամտութենէն ետք, Թուրքիոյ վտանգաւոր ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ նոր վտանգ է տարածաշրջանային խաղաղութեան համար, եւ ըստ այդմ` նոր եւ ուղղակի ոտնձգութիւն Ֆրանսայի եւ Եւրոպական միութեան շահերուն դէմ:
Չհանդուրժելով Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան արժէքներու նման կոպիտ ոտնահարումը` մենք կոչ կ’ուղղենք կառավարութեան (ֆրանսական) ձեռք առնել տուեալ իրավիճակէն բխող քաղաքական եւ գործուն միջոցներ:
Ներկայ պարագային, մենք չենք վարանիր ըսելու, որ ընդդէմ Ատրպէճանին Հայաստանը սատարել `կը նշանակէ սատարել ապրելու իրաւունքը:
Պեռնար Ֆուրնիէ – ծերակուտական,
Դանիէլ Կազարեան – պատգամաւոր,
Ֆրանսուա Փուպպոնի – պատգամաւոր,
Ֆրանսուա-Միշել Լամբեր – պատգամաւոր,
Կիյոմ Գսաբարեան – պատգամաւոր,
Կի Տեսիէ – պատգամաւոր,
Ժան-Միշել Միս – պատգամաւոր,
Ժան-Փիեռ Քիւպերտաֆոն – պատգամաւոր,
Միշել Ամիէլ – ծերակուտական,
Սոնիա Քրիմի – պատգամաւոր,
Վալերի Պուայէ – պատգամաւոր