Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Նոր Հարաւային Ուելսի խորհրդարանի պատգամաւորները կը դատապարտեն Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները
Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի խորհրդարանի Հայաստան-Աւստրալիա բարեկամական խումբը կը դատապարտէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին Արպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները:
«Ատրպէյճան պարտաւորուած է պահպանել միջազգային հանրութեան միջնորդութեամբ հաստատուած հրադադարի պայմանագիրը եւ չյարձակիլ հայ բնակչութեան վրայ, Արցախի մէջ: Նման բացասական գործողութիւնները պէտք է դատապարտուին Աւստրալիոյ եւ այլ երկիրներու կառավարութիւններու կողմէն, յատկապէս այս ժամանակահատուածին, երբ աշխարհը կը պայքարի համաշխարհային համավարակին դէմ», նշուած է բարեկամական խումբի յայտարարութեան մէջ, որ ստորագրած են Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի խորհրդարանի Հայաստան-Աւստրալիա բարեկամական խումբի համանախագահ Ճոնաթան Օտին եւ նախագահի տեղակալ Ուոլտ Սեքորթը: